Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Կողմէ Կառավարութեան Փոխանցուած Գումարին Վերաբերեալ Հաշուետուութիւն Կը Պատրաստուի

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Կողմէ Կառավարութեան Փոխանցուած Գումարին Վերաբերեալ Հաշուետուութիւն Կը Պատրաստուի

by MassisPost

Մարտ 15-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին արտահերթ նիստը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին հիմնադրամին կատարած աշխատանքը։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Պետրոս Թերզեանը «Լուրերուն» յայտնած է, որ հիմնականին մէջ քննարկուած է հիմնադրամին կողմէ ՀՀ կառավարութեան փոխանցուած գումարին հարցը, որ պէտք է օգտագործուէր ենթակառուցուածքային, ընկերային եւ առողջապահական բնագաւառներէն ներս։

«Զեկուցում ստացանք վարչապետէն, բացատրութիւններ՝ Ելեւմտական նախարարութենէն։ Այդ նիւթը տակաւին կը քննարկուի, որովհետեւ ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր է։ Հիմնադրամին օրէնքներէն մէկն այն է, որ հաշուետուութիւնները կատարուին վերահսկիչ մարմնի կողմէ, երբ վերջնական քննութիւնները կատարուին, այդ պահուն մեզի համար հարցը փակուած կ’ըլլայ։ Ասիկա մեր գործելակերպն է, թող որեւէ մէկը չկարծէ, թէ ասիկա յատուկ ուղղուած է կառավարութեան», – ըսաւ Թերզեանը։

Պետրոս Թերզեանին խօսքով՝ հիմնադրամին եւ ՀՀ կառավարութեան միջեւ 9 պայմանագիր կնքուած է, որմով յստակօրէն նշուած է՝ եթէ կայ որոշ չափով գումար, որ չէ ծախսուած, ապա պէտք է վերադարձուի հիմնադրամին։ Ըստ անոր՝ ասիկա նոր գործելակերպ չէ, անիկա կիրառուած է հիմնադրամին տասնեակ տարիներու աշխատանքի ընթացքին։

Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամն անդրադարձաւ նաեւ այն տեսակէտներուն, ըստ որոնց՝ կառավարութիւնը ամբողջ գումարը պէտք է վերադարձնէ հիմնադրամին։ Թերզեանը նշեց, որ ատիկա պայմանագրի խախտում կը համարուի.

«Այս հարցը անհիմն է։ Հոգաբարձուներու խորհուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկած էր այս փոխանցումին, որմէ ետք պայմանագիրներ ստորագրուած են, որոնց մեջ նշուած է, որ գումարը նուիրաբերուած է, ասիկա կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը պէտք է հաշուետուութիւն ներկայացնէ», – ըսաւ ան։

Նիստի ընթացքին քննարկուած են նաեւ Արցախի աջակցութեան վերաբերող հարցեր. վերակառուցում, քաղաքացիներու օգնութիւն, գիւղատնտեսութեան վերականգնում եւ այլն։ Այդ մասին զեկուցած է ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Թերզեանի հաւաստմամբ՝ յառաջիկայ օրերուն պիտի յստականան կատարուելիք աշխատանքները։

«Բազմաթիւ ծրագիրներ կ’իրականացուին՝ պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն, զոհուածներու ընտանիքներուն, փախստականներուն եւ այլ խնդիրներու ուղղութեամբ։ Յուսով ենք՝ յառաջիկային պիտի կարենանք ունենալ ծրագիրներու յստակ ցանկը եւ ամբողջութեամբ մանրամասնօրէն պիտի հրապարակենք, որպէսզի բոլորը գիտնան՝ գումարը կիրառուած է ըստ նպատակի», – ընդգծեց ան։

Պետրոս Թերզեանին գնահատմամբ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հանդէպ հասարակութեան վստահութեան առնչութեամբ անտեղի աղմուկ բարձրացած է, ան պնդեց՝ չխառնել հիմնադրամին աշխատանքը քաղաքական հարցերուն։ Ըստ անոր՝ հասարակութիւնը պէտք է գիտակցի հիմնադրամին կարեւորութիւնը եւ համբերատարութեամբ սպասէ մանրամասն հաշուետուութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment