Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ HRW-ը Ատրպէյճանի Մէջ Հայ Գերիներու Խոշտանգումները Կը Համարէ Պատերազմական Յանցագործութիւն

HRW-ը Ատրպէյճանի Մէջ Հայ Գերիներու Խոշտանգումները Կը Համարէ Պատերազմական Յանցագործութիւն

by MassisPost

Հայ ռազմագերիներու հարցով բաւականին սուր յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Human Rights Watch (HRW) իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը` անոնց խոշտանգումները համարելով պատերազմական յանցագործութիւն։ «Դաժան վերաբերմունքը, ներառեալ` հայ զինուորներու խոշտանգումները, նողկալի են ու կը հանդիսանան պատերազմական յանցագործութիւն», – յայտարարած է կազմակերպութեան եւրոպական ու Կեդրոնական Ասիոյ բաժնի տնօրէն՝ Հիւ Ուիլյըմսոն։

Ան նաեւ ըսած է, թէ խոր անհանգստութիւն կ’առաջացնէ այն փաստը, որ անհետ կորած շարք մը հայ զինուորներ վերջին անգամ տեսած են ատրպէյճանական բանտը, բայց անոնց մասին որեւէ հաշուետուութիւն ստանալ ձախողած է։

Զեկոյցին մէջ վկայակոչուած են նաեւ ընկերային ցանցերու մէջ տեղադրուած շատ տեսանիւթեր, որոնք կը ցուցադրեն ատրպէյճանցի սպաներու ակնյայտօրէն վատ վերաբերմունքը հայ ռազմագերիներուն։ Իրաւապաշտպաններու խումբը ուսումնասիրած է աւելի քան երկու տասնեակ տեսանիւթեր, զրուցած վերադարձուած ռազմագերիներու, ինչպես նաեւ այն զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն հետ, որոնք կ’երեւին տեսանիւթերուն մէջ, բայց մինչեւ հիմա Ատրպէյճանը զանոնք չէ վերադարձուցած։

Human Rights Watch-ը զրուցած է չորս նախկին ռազմագերիներու հետ, եւ ըստ անոնց նկարագրութեան՝ ատրպէյճանական բանտէն ներս ենթարկուած են երկարատեւ ու պարբերաբար կրկնուող ծեծի։ Անոնցմէ մէկուն խաշտանգած են մետաղեայ սուր ձողով, միւսին` էլեկտրական հոսանքով, երրորդի վկայութեամբ՝ բազմաթիւ անգամ զինք այրած են կրակվառիչով։ Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը նշած է, որ անոնք պահուած են արժանապատւութիւնը նսեմացնող պայմաններու մէջ, կալանաւորման առաջին օրերուն շատ քիչ ջուր տուած են, իսկ ուտելիք գրեթէ չեն տուած։

Նիւ Եորք տեղակայուած իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է հետաքննելու հայ գերիներու հանդէպ վատ վերաբերմունքի բոլոր պնդումները ու մեղաւորները ենթարկել պատասխանատւութեան։ Ատրպէյճանական ուժերը հայ զինուորները գերի իյնալու ժամանակ, տեղափոխութիւններու ընթացքին եւ մեկուսարաններուն մէջ գերեվարուածներուն հանդէպ «դաժան, արժանապատւութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի ու խոշտանգումներու դիմած են», նշուած է Human Rights Watch -ի Մարտ 19-ին տարածած յայտարարութեամբ։

Մտահոգութիւն յայտնելով, որ Ատրպէյճան դեռ գերութեան մէջ պահուող ռազմագերիները կը գտնուին հետագայ բռնութիւններու վտանգի տակ, HRW-ը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ապահովելու գերեվարուածներու լիակատար պաշտպանութիւնը մարդու իրաւունքներու միջազգային նորմերուն ու մարդասիրական օրէնքներուն համապատասխան` անոնց կարգին բացառելով վատ վերաբերմունքն ու խոշտանգումները։

Իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ բոլոր ռազմագերիները ու քաղաքացիական անձերը, ինչպէս նաեւ տեղեկատւութիւն տրամադրէ անոնց մասին, զորս վերջին անգամ տեսած են ատրպէյճանական բանտերէն ներս։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment