Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը» Յայտարարած Է Բողոքի Եւ Անհնազանդութեան Հաւաքները Շարունակելու Մասին

«Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը» Յայտարարած Է Բողոքի Եւ Անհնազանդութեան Հաւաքները Շարունակելու Մասին

by MassisPost

«Հայրենիքի փրկութեան շարժումը» կը շարունակէ բողոքի եւ անհնազանդութեան հաւաքները, այսօր լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ շարժման համակարգող՝ Իշխան Սաղաթէլեան՝ նշելով, որ ունին բոլոր բաւարար հիմքերը՝ կասկածելու, որ Յունիս 20-ին տեղի կ’ունենան արտահերթ ընտրութիւններ։

«Հնարաւոր է մարտավարութեան տարբեր փոփոխութիւն, բայց խօսել էս պահին ընտրութեան մասին, որը, ըստ էութեան, գոյութիւն չունի եւ կայ ընդամէնը մի յայտարարութիւն, անիմաստ ենք համարում մտնել այդ օրակարգի մէջ», – ըսաւ Սաղաթէլեան՝ մանրամասնելով․ – «Նախ ընտրութիւնների մասին յայտարարութիւնը դա շարժման, մեր հայրենակիցների այս ընթացքում իրականացրած աշխատանքի եւ ճնշման արդիւնք է։ Այս իմաստով սա ձեռքբերում է, որովհետեւ ցանկացած իշխանութեան վիճակը, եթէ լաւ է եւ ունի օրինականութիւն, ինքը չի գնայ ընտրութեան, այսինքն՝ սա ձեռքբերում է այս իմաստով, բայց բաւարար պայման չէ երկրում ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու համար։ Իսկ ինչո՞ւ ենք յայտարարում, որ վտանգ կայ, որ չանի, մենք ունենք այդ փորձառութիւնը՝ ես որեւէ հիմք չունեմ հաւատալու Նիկոլ Փաշինեանի որեւէ յայտարարութեան»։

Եթէ նոյնիսկ տեղի ունենան ընտրութիւնները, ապա, ըստ Սաղաթէլեանի, անոնք կրնան դառնալ, ոչ թէ ճգնաժամէն դուրս գալու ելք, այլ նոր ճգնաժամի սկիզբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment