Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալեն Սիմոնեան Չի Բացառեր, Որ Ընտրութիւնները Կազմակերպուին Գործող Ընտրական Օրէնսգրքով

Ալեն Սիմոնեան Չի Բացառեր, Որ Ընտրութիւնները Կազմակերպուին Գործող Ընտրական Օրէնսգրքով

by MassisPost

Իշխող ուժէն ներս դեռ յստակ չեն հաշուարկած, թէ երբ հրաժարական պիտի տայ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան: ԱԺ-ի փոխնախագահ՝ Ալեն Սինոնեան կ’ենթադրէ, «որ Ապրիլ ամսին պէտք է լինի՝ եթէ արդէն իսկ յայտարարուած է, որ Յունիսի 20-ին ընտրութիւններ են նշանակուել»։

Վարչապետի հրաժարականը անհրաժեշտ է խորհրդարանը արձակելու համար։ Սահմանադրութեան համաձայն, եթէ վարչապետի հրաժարականէն յետոյ 2 շաբթուայ ընթացքին 2 անգամ անընդմէջ չի ընտրուիր նոր վարչապետ, ապա ոչ շուտ, քան 30 եւ ոչ ուշ, քան 45 օր յետոյ կը նշանակուին նոր ընտրութիւններ։

Իսկ ընտրութիւններուն մասնակցելու պարագային, ԱԺ իշխանական փոխնախագահը համոզուած է, որ իրենք պիտի յաղթեն, թէեւ կ’ընդունի, որ այս ընթացքին իրենց վարկանիշը նուազած է:

Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայանալու մասին, յայտնի դարձաւ երէկ՝ Մարտ 18-ին կայացած Փաշինեան-Ծառուկեան հանդիպումէն յետոյ: Միւս խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժն ալ յայտնեց, որ իրենք եւս համաձայնած են Յունիս 20-ին արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու:

Իսկ թէ ո՞ր ընտրական օրէնսգրքով տեղի պիտի ունենան ընտրութիւնները, դեռեւս անյայտ է։ Ե՛ւ իշխանականները, եւ՛ ընդդիմադիրները դեռ յստակ չեն յայտնած, թէ արտահերթ ընտրութիւնները ո՞ր Ընտրական օրէնսգրքով պիտի կայանան՝ գործո՞ղ, այսպէս կոչուած՝ բաց համամասնական, թէ՞ իշխող ուժի առաջարկած պարզ համամասնական ընտրակարգով։ «Իմ քայլի» առաջարկած ընտրական նոր օրէնսգրքի նախագիծը վերջերս դրուած է շրջանառութեան մէջ։

ԱԺ-ի փոխնախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան չի բացառեր, որ ընտրութիւնները հնարաւոր է գործող օրէսնգրքով կազմակերպուին, թէեւ անձամբ ինքը բացասական կարծիք ունի բաց համամասնական համակարգի վերաբերեալ․ – «Եթէ հասկանանք, որ չի ստացւում ժամանակային առումով, ապա կարող ենք գնալ գործող օրէնսգրքով։ Որովհետեւ մենք մի անգամ արդէն այդ օրէնսգրքով աշխատել ենք եւ ունեցել ենք ընտրութուններ, որոնք որ որեւիցէ մէկի մօտ կասկած չի առաջացրել»։

Ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար՝ Արման Աբովեան ըսած է, որ իր համար միեւնոյն է, թէ որ օրէնսգրքով կը կայանան ընտրութիւնները․ – «Ամբողջ պատասխանատւութիւնը իշխանութիւնների վրայ է, եւ իշխանութիւններն են այս պարագայում կրում ամբողջ պատասխանատւութիւնը։ Ճիշդն ասած, ինձ համար միեւնոյն է։ Շատ պարզ պատճառով․ մենք կրկին անգամ չպէտք է թոյլ տանք, որ քաղաքական առումով այս իրավիճակը փորձեն ձգել»։

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան»էն նոյնպէս կողմ են, որ ընտրութիւնները կայանան գործող Ընտրական օրէնսգրքով։ Խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան հնարաւոր չի համարեր համաձայնութեան գալ նոր ընտրական օրէնսգրքի շուրջ․ – «Դա կ’ընդունուի 20 օր – մէկ ամսուայ ընթացքում։ Կը նշանակի, որ գործընթացի ընթացքում․․․ ոնց որ, ասենք ես եւ Դուք շախմատ խաղալուց լինենք, մէկ էլ մէկը գնդակով մտնի էդ շախմատի դաշտ։ Այսինքն՝ ընդհանրապէս խաղի կանոնները կը փոխուի»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment