Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Արմատական Ընդդիմութիւնը Ինքնակործանման Ճանապարհին

Հայաստանի Արմատական Ընդդիմութիւնը Ինքնակործանման Ճանապարհին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան անցեալ շաբթուայ ընթացքին հրաւիրեց քաղաքական դաշտի գլխաւոր դերակատարները` վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման ներկայացուցիչները, նախագահական նստավայրէն ներս քննարկելու եւ շարունակուող ներքին ճգնաժամին փոխըմբռնելի լուծումներ գտնելու ակնկալիքով:

Խորհրդարանի ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստանն» ու իշխանական «Իմ Քայլը» անմիջապէս ընդունեցին հանդիպման հրաւէրը, իսկ արմատական ընդդիմադրութիւնը նախապայմաններ ներկայացնելով ձախողութեան մատնեց Նախագահի նախաձեռնութիւնը, որ կրնար սկիզբ հանդիսանալ կողմերու միջեւ կառուցողական երկխօսութեան: Ներկայացուցած պայմաններու շարքին էր վարչապետի հրաժարականի, ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորման ու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցի քննարկումը: Անոնք նաեւ կը պահանջէին, որ հանդիպումները տեղի ունենան Ազգային ժողովէն ներս՝ ուղիղ հեռարձակմամբ:

Բոլորին համար հասկնալի էր որ առաջին երեք հարցերը, այսպէս թէ այնպէս ենթակայ էին քննարկման եւ կարիք չկար զանոնք որպէս նախապայման ներկայացնելու: Ինչ կը վերաբերի ուղղիղ հեռարձակման պահանջին, այդ կը նշանակէ թէ ընդդիմութեան մօտ առկայ է լրջութեան պակաս, այնքան մը որ, կ՛առաջարկէին բանակցութիւնները վերածել հրապարակային կրկէսի, ուր տիրողը պիտի ըլլար ոչ թէ երկխօսութիւնը՝ այլ լեզուակռիւը ու փոխադարձ մեղադրանքները, որոնք չէին կրնար հասցնել որեւէ դրական արդիւնքի:

Յստակ է որ, ընդդիմութեան միակ նպատակը իշխանութեան լծակներուն տիրանալն է՝ առանց ունենալու այդ նպատակին հասնելու գլխաւոր ենթահողը՝ ժողովուրդի աջակցութիւնը: Այս իրականութիւնը օրըստօրէ աւելի ցայտուն կը դառնայ բոլորին, ի բացառեալ ընդդիմութեան ղեկավարներէն, որոնք չեն ուզեր դասեր քաղել իրենց հինգամսեայ փողոցային պայքարի ձախող ընթացքէն, երբ հրապարակներու վրայ կը շարունակէ նօսրանալ անոնց շուրջ համախմբուողներու քանակը, իսկ հանրային կարծիքի հարցախոյզները կը ներկայացնեն տժգոյն պատկերներ:
Վերջինը, Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի կողմէ հրապարակած ընկերային հարցման տուեալները են, որոնք եկան ցոյց տալու քաղաքական ուժերու վարկանիշը ներկայ հանգրուանին: Հարցախոյզին պատասխանողներու 33 տոկոսը նշած է, որ կ’ընտրէ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, 3 տոկոսը՝ «Բարգաւաճ Հայաստանը»ՙ, 2 տոկոսը՝ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը: Մէկական տոկոս ստացած են Հանրապետականն ու Դաշնակցութիւնը: Նման ցուցանիշներով բնական է որ ընդդիմադիրները կը խուսափին արտահերթ ընտրութիւններէն եւ ամէն կերպ կը փորձեն երկրի ղեկը ստանձնել նախքան ընտրութիւնները:

Արտահերթ ընտրութիւններու անհրաժեշտութեան շուրջ քաղաքական տարբեր շրջանակներու եւ հանրութեան մօտ ընկալումը արդէն իսկ ձեւաւորուած է: Իշխանութիւնները պարտաւոր են իրագործել զայն, անկախ թէ ինչ կը մտածէ արմատական ընդդիմութիւնը, որուն կը մնայ որոշել՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու կամ չմասնակցելու հարցը: Պէտք չէ արտօնել որ, մէկ կամ երկու տոկոս վարկանիշ ունեցող կուսակցութիւնները իրենց կամքը պարտադրեն ամբողջ քաղաքական դաշտին ու երկրին:

17 կուսակցութիւնները համախմբող շարժումը մերժելով Նախագահի հրաւէրը, անգամ մը եւս եկաւ ցոյց տալու, թէ երբեք ալ մտահոգ չէ երկրի կայունութեամբ եւ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարմամբ: Ան իր ձախողութիւններուն համար կը մեղադրէ մերթ բանակին, որ Սահմանադրութիւնը խախտելու գնով չմիացաւ իրենց շարժումին, մերթ Հանրապետութեան նախագահին, որ իրենց պահանջներուն համաձայն չշարժեցաւ եւ շատ յաճախ ալ ժողովուրդին, որ առաջին օրէն գիտակցելով անոնց էութեան ու նպատակներուն, մերժեց հետեւիլ այդ շարժումին: Ձախողութեան իսկական պատասխանատուն գտնելու համար ընդդիմութիւնը առաջին հերթին պէտք է նային հայելիին:

Իր գործելաոճով, օգտագործած բառապաշարով ու ընտրած լօզունգներով արմատական ընդդիմութիւնը վանեց հասարակութիւնը ու ընտրեց ինքնակործանման ճանապարհը: Այդ ուղղիին վրայ շարունակելով ան ինքզինք դատապարտած է մնալու լուսանցքային ուժ մը միայն, որ դարձած է պատանդը՝ իր իսկ ստեղծած առասպելներուն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment