Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Օնիկ Գասպարեան Ազատուած Է ԳՇ Պետի Պաշտօնէն, ԳՇ Նոր Պետի Նշանակման Գործընթացը Կը Շարունակուի. Կը Յայտնէ Վարչապետի Գրասենեակը

Օնիկ Գասպարեան Ազատուած Է ԳՇ Պետի Պաշտօնէն, ԳՇ Նոր Պետի Նշանակման Գործընթացը Կը Շարունակուի. Կը Յայտնէ Վարչապետի Գրասենեակը

by MassisPost

Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ՝ Օնիկ Գասպարեան սահմանադրական նորմի հիմքով` իրաւունքի ուժով ուժի մէջ մտած Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրի հիման վրայ, Մարտ 10-ին ազատուած է գրաւած պաշտօնէն, ինչ որ արձանագրած է Հայաստանի վարչապետը նոյն օրը տարածուած յայտարարութեամբ, կը պարզաբանէ վարչապետի գրասենեակը։

Գասպարեանը դատարանէն ներս կը վիճարկէր իր պաշտօնանկութիւնը։ Այսօր՝ Մարտ 18-ին յայտնի դարձաւ, որ Օնիկ Գասպարեանի դիմումը քննելով՝ վարչական դատարանը որոշած է բաւարարել անոր միջնորդութիւնը, որով Գասպարեանն ու փաստաբանը դատարանէն խնդրած են մինչեւ այս գործը ըստ էութեան քննելը Գասպարեանը համարել ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետ։

Գասպարեանն ու փաստաբանը սկիզբը դատարանէն ներս կը վիճարկէին իրաւունքի ուժով ընդունուած հանրապետութեան նախագահի՝ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ հրամանագիրը։ Դատարանը, սակայն, վերադարձուցած էր հայցադիմումը՝ խնդրելով փոփոխել զայն, քանի որ, ըստ էութեան, հայցուորը կը վիճարկէ մի աքթ, որ վարչական մարմնի, պաշտօնատար անձի կողմէն չէ ընդունուած։ Նախագահը, յիշեցնենք, չէր ստորագրած շտաբի պետը պաշտօնէն ազատելու հրամանագիրը, ոչ ալ դիմած էր Սահմանադրական դատարան, որմէ յետոյ Գասպարեան իրաւունքի ուժով պաշտօնէն ազատուեցաւ։

Փաստաբանը փոփոխած էր պահանջն ու դատարանէն խնդրած քննել Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու փաստը՝ պնդելով, որ չկայ նման իրաւունք, որով կարող են ազատել անցած ամրան 5 տարիով ԳՇ պետ նշանակուած Գասպարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment