Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Դատախազութիւնը Դիմած Է ՍԴ` Ընդդիմադիր Կուսակցութեան Գործունէութիւնը Արգիլելու Պահանջով

Թուրքիոյ Դատախազութիւնը Դիմած Է ՍԴ` Ընդդիմադիր Կուսակցութեան Գործունէութիւնը Արգիլելու Պահանջով

by MassisPost

Թուրքիոյ դատախազութիւնը հայց ներկայացուցած է Սահմանադրական դատարան` պահանջելով արգիլել ընդդիմադիր՝ Ժողովրդա-դեմոկրատական (HDP) կուսակցութեան գործունէութիւնը, որ իր մեծութեամբ երրորդ խմբակցութիւնը ունի խորհրդարանէն ներս։ 2018 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոնք աւելի քան 11 տոկոս ձայն ստացած էին եւ 55 մանտաթ ունին 600 տեղանոց խորհրդարանէն ներս։ Դատախազութիւնը կը պահանջէ կուսակցութիւնը զրկել պետական որեւէ ֆինանսաւորումէ, արգիլել անդամներու քաղաքական գործունէութիւնը, ներառեալ նախկին առաջնորդները։

Այդ կուսակցութեան անդամներէն է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան։

Դատախազութիւնը քրտամէտ համարուող կուսակցութիւնը կը մեղադրէ քուրտ զինեալներու հետ ենթադրեալ կապերու մէջ։ Սահմանադրական դատարանին չորեքշաբթի ներկայացուցած հայցին մէջ դատախազութիւնը նշած է, թէ որեւէ տարբերութիւն չկայ Ժողովրդա-դեմոկրատական կուսակցութեան եւ Քուրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալ խմբաւորումներու միջեւ։ Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ դատախազութեան մեղադրանքով նշուած է` Ժողովրդա-դեմոկրատական կուսակցութիւնը դարձած է երկրի անքակտելի միասնութիւնը խախտող գործողութիւններու կեդրոն, եւ որ անոնք աշխոյժ դերակատարութիւն ունին Քուրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան անձնակազմ մատակարարելու գործով։

Reuters նշած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները երկար տարիներու ընթացքին ճնշումներու ենթարկած են Ժողովրդա-դեմոկրատական կուսակցութիւնը, եւ հիմա կուսակցութիւնը փակելու նախաձեռնութիւնը այդ ճնշումներու գագաթնակէտն է։

Քրտամէտ քաղաքական ուժի աջակիցներէն՝ Ավիտին Քարամանին Reuters-ին ըսած է․ «Անոր հետեւանքով Ժողովրդա-դեմոկրատական կուսակցութեան շրջանակներն ու ընտրողները մեծ վնաս չեն կրեր։ Ինչպէս միշտ պայքարը կը շարունակուի աւելի ուժեղ, բայց այս մեծ վնաս կը հասցնէ Թուրքիոյ հասարակութեան։ Անիկա խորը վէրքեր կը բանայ։ Ցաւօք, այս կը կատարուի իշխանութիւնը պահելու համար, բայց կը յանգեցնէ հակառակ արդիւնքի»։

ԱՄՆ-ը եւ եւրոպական երկիրները քննադատած են Թուրքիոյ իշխանութիւններու նախաձեռնութիւնը։ Իսկ Անգարան այդ քննադատութիւնները համարած է միջամտութիւն Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգին եւ կոչ ըրած է յարգելու իրաւական գործընթացը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment