Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Յանձնառու Է Աջակցելու Կողմերուն ԼՂ-Ի Խնդրի Խաղաղ Կարգաւորման Հասնելու Համար. Պայտըն

ԱՄՆ-ը Յանձնառու Է Աջակցելու Կողմերուն ԼՂ-Ի Խնդրի Խաղաղ Կարգաւորման Հասնելու Համար. Պայտըն

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ իր վարչակազմը մտադիր է աշխատիլ Ատրպէյճանի հետ՝ յանուն տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման: Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին Պայտըն ըսած է Նովրուզի առթիւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւին յղած շնորհաւորական ուղերձով:

«Իմ վարչակազմը պիտի աշխատի Ատրպէյճանի հետ ընդհանուր անհանգստութիւն առաջացնող այնպիսի հարցերու լուծման համար, որոնք կապուած են անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան հետ: Որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, մենք յանձնառու ենք աջակցելու կողմերուն՝ հասնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան երկարատեւ ու խաղաղ կարգաւորման, խրախուսելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաշտեցումը՝ յանուն բարօրութեան եւ խաղաղ ապագայի»,- ըսուած է Պայտընի ուղերձով:

ԱՄՆ-ի նախագահը յայտնած է նաեւ, որ իր վարչակազմը կ’աջակցի Կասպից ծովի ուժանիւթի հնարաւորութիւններու զարգացման եւ տնտեսութեան զանազանման ուղղուած Ատրպէյճանի ջանքերուն: «ԱՄՆ-ը մտադիր է ուսումնասիրել տնտեսական համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւնները»,- նշուած է ուղերձով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment