Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Կը Պատրաստուինք Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակը

Կը Պատրաստուինք Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակը

by MassisPost

Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցը կը պատրաստուինք նշելու մեր ժողովուրդի համար ծանր ու դժուարին պայմաններուն տակ: Արցախեան վերջին պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու թէ, տասնամեակներ ետք Թրքական պետութիւնը տակաւին կը շարունակէ իր հայաջինջ քաղաքականութիւնը՝ այս անգամ զինելով եւ Հայութեան դէմ հանելով Ատրպէյճանական նախայարձակ բանակը:

Թշնամին կը փորձէ կոտրել մեր ժողովուրդի կամքը, սակայն կը մնանք հաւատարիմ մեր նահատակներու կտակին ու վճռած ենք առանց նահանջելու շարունակել մեր պահանջատիրական պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիան ընդունի իր պատասխանատուութիւնը՝ 106 տարիներ առաջ իր նախորդներու գործադրած կոտորածներուն համար:

Ապրիլ 24, 2021-ին, Լոս Անճելոսի Հայ համայնքը միասնաբար պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը եւ այս նպատակաւ սկսած ենք նախապատրաստական աշխատանքներ: Համաճարակի հետ կապուած սահմանափակումները նկատի ունենալով,միջոցառումներու վերջնական ծրագիրը ու անոնց տարողութիւնը կը մնան քննարկման տակ։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցուին հանրութեան՝ մեր հետագայ հաղորդագրութիւններով:

Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Յանձնախումբ

Հայաստանեայց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ազգային Առաջնորդարան
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Ավետարանական Միութիւն
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Հայ Օգնութեան Միութիւն
ՀՄԸՄ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Կայծ Երիտասարդական Միութիւն
Ամերիկայի Հայկական համագումար
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հայ Ամերիկեան Խորհուրդ
Հայ իրաւաբաններու Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Open Wounds

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment