Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականները Կոչ Ըրած Են Ատրպէյճանին Անյապաղ Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականները Կոչ Ըրած Են Ատրպէյճանին Անյապաղ Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցչներու պալատի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահներ՝ Ատամ Շիֆը, Կաս Պիլիրաքիսը, Ֆրանք Փալոնը, Տեյվիտ Վալատոն եւ Ճէքի Սփիերը Մարտ 16-ին ներկայացուցած են բանաձեւ, որ կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին անմիջապէս ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի 2020-ի պատերազմի ընթացքին գերեվարուած բոլոր ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձերը: Բանաձեւին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ներկայացուցիչներու պալատին 31 անդամ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, բանաձեւին մէջ նշուած է, որ Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ստորագրած եռակողմ յայտարարութեամբ կողմերը պարտաւորուած էին ազատ արձակել բոլոր գերիները, ու թէպէտ Հայաստանը ամբողջութեամբ կատարած է իր պարտականութիւնը, Ատրպէյճանը կը կեղծէ ռազմագերիներու կարգավիճակը՝ փորձելով արդարացնել զանոնք գերի պահելու իր ցանկութիւնը:

Բանաձեւի եզրափակիչ հատուածին մէջ ըսուած է.

«Ներկայացուցիչներու պալատը

Կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերեվարուած քաղաքացիական անձերը:

Կը յորդորէ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բոլոր մակարդակներու վրայ, անոնց կարգին եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործընթացի շրջանակէն ներս, աշխատիլ Ատրպէյճանի հետ՝ հասկցնելով, թէ որքան կարեւոր է հաւատարիմ մնալ սեփական պարտաւորութիւններու կատարման՝ համաձայն Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան եւ միջազգային իրաւունքին՝ անյապաղ ազատ արձակել բոլոր ռազմագերիները եւ գերեվարուած քաղաքացիական անձերը»:

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ՝ Ատամ Շիֆ անընդունելի կը համարէ ԼՂ վերջին պատերազմէն աւելի քան 100 օր անց հարիւրաւոր հայ զինծառայողներու ու քաղաքացիական անձանց՝ Ատրպէյճան պահուիլը: «Ատրպէյճանը պարտաւոր է անյապաղ ազատ արձակել այս գերիները, որքան ուշացնէ այդ, այնքան աւելի շատ ցոյց կու տայ իր անարգանքը միջազգային օրէնքներու եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ: Ատրպէյճանը արդէն իսկ մեղաւոր է վերջին պատերազմին գործած սարսափելի վայրագութիւններուն համար, եւ այս աւելի կը խորացնէ խնդիրը»,- ըսած է Շիֆը՝ նշելով, որ ԱՄՆ-ը բոլոր դիւանագիտական խողովակներով պէտք է ապահովէ հայ գերիներու վերադարձը:

Պիլիրաքիսի գնահատմամբ՝ պատերազմէն ամիսներ անց հայ ռազմագերիները փակի տակ պահելու ատրպէյճանական կողմի քայլը Ժընեւի համաձայնագրի եւ միջազգային օրէնքի յստակ խախտում է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment