Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքու Կը Շարունակէ Պնդել, Որ Բոլոր Գերիները Վերադարձուցած Է Եւ Ղարաբաղեան Հարցը՝ Լուծած

Պաքու Կը Շարունակէ Պնդել, Որ Բոլոր Գերիները Վերադարձուցած Է Եւ Ղարաբաղեան Հարցը՝ Լուծած

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը մնացած է անցեալին մէջ, ըստ Ազատութիւն ռատիոկայանին, վերստին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը, այս անգամ` հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղող կառոյցի` ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար՝ Անն Լինտընի հետ հանդիպման ժամանակ:

Պաքուի մէջ ընդունելով եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը` Իլհամ Ալիեւը պնդած է, թէ 44-օրեայ պատերազմով Պաքուն իր առջեւ դրուած խնդիրը լուծած է, եւ հիմա հայկական կողմի հետ արդէն ապագայի հարցերը կը քննարկէ:

«Հակամարտութիւնը մնացած է պատմութեան մէջ, մենք պէտք է դէպի ապագայ նայինք: Կը կարծեմ`պատերազմէն յետոյ` վերջին չորս ամիսները արդէն ցոյց կու տան երկու կողմերու` այդ էջը փակելու եւ ուշադրութիւնը ապագայի վրայ կեդրոնացնելու կամքը: Այդ շատ կարեւոր է: Մենք սկսած ենք բանակցային գործընթացը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման շուրջ, արդէն քանի մը հանդիպում կայացած է, տարբեր մակարդակներով», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւ ընդգծած է, որ տարածաշրջանի ապաշրջափակման հարցը Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէկ մասն է, սակայն, որեւէ խօսք չէ ըսած այդ յայտարարութեամբ ամրագրուած միւս պարտաւորութիւններուն, անոնց կարգին`գերիներու ազատ արձակման մասին, զոր մինչ օրս Պաքուն լիարժէք չէ իրագործած:

ԵԱՀԿ գործող նախագահ՝ Անն Լինտըն  պատասխանին մէջ նշած է, որ կը նախագահէ կազմակերպութիւն մը, որ անվտանգութեան ապահովումը կը դիտարկէ համապարփակ` զայն կապելով նաեւ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ:

«Մենք կը քննարկենք` ինչ կարող ենք ընել` նպաստելու հակամարտութեան կարգաւորման, որ կը գտնուի ԵԱՀԿ տարածքէն ներս, եւ այդ համաթեքսթով, ի հարկէ, մեր առաջնահերթութիւններն են միջազգային իրաւունքը, մարդու իրաւունքները, մարդասիրական իրաւունքը, կանայք, խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Կը կարծեմ, որ հնարաւոր է միասին աշխատիլ այս հարցերու ուղղութեամբ», – ըստ Ատրպէյճանի նախագահական նստավայրին, ըսած է եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Անն Լինտըն, Թուիթըրեան իր էջին վրայ գրած է. – «Ալիեւի հետ հանդիպման, ընդգծեցի Մինսքի խումբի համանախագահներու կարեւոր դերը մինչ այժմ չլուծուած խնդիրներու կարգաւորման հարցով»:

Աւելի ուշ` Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի հետ համատեղ ասուլիսին ալ Լինտըն հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման հարցը բարձրացուցած է: Ճէյհուն Պայրամովը կրկնած է այն պնդումը, զոր աւելի վաղ հնչեցուցած էր Ատրպէյճանի նախագահը` օտար երկրներու լրատուամիջոցներու հետ հանդիպման ժամանակ. – «Գերիները արդէն վերադարձուած են, միւսներուն վրայ եռակողմ համաձայնութիւն չի տարածուիր»:

«Հայերը, որոնք հիմա գերեվարուած են, Ատրպէյճան ուղարկուած են հրադադարէն յետոյ` հակառակ Նոյեմբեր 10-ի յայտարարութեան, որ կ’ենթադրէ, որ հայկական ուժերը պէտք է դուրս ելլեն Ղարաբաղէն: Սակայն, այդ փաստաթուղթի ստորագրումէն յետոյ, Հայաստանի իշխանութիւնները Ղարաբաղ ուղարկած են աւելի քան 60 զինծառայողներ Շիրակի մարզէն, այդ զինուորականները ներթափանցում իրագործած են, Ատրպէյճանի բանակի զինուորներ սպաննած, եւ պէտք է պատասխան տան օրէնքի առաջ», – ըսած է Ճէյհուն Պայրամով:

Պայրամով վերստին դժգոհած է, թէ հայկական կողմը կը շարունակէ «շինարարական սարքաւորումներ» անուան տակ` ծածուկ կերպով Հայաստանէն զինծառայողներ ուղարկել Ղարաբաղ: «Այդ անթոյլատրելի է», – յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը, որ աւելի վաղ այս հարցով նամակ հասցէագրած էր ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին ու գլխաւոր վեհաժողովին, սպառնալով, թէ նման քայլերը կարող են տանիլ իրավիճակի ապակայունացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment