Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելըս Քաղաքը Նոյեմբեր 9-ը Հռչակած Է Արցախի Դէմ Ատրպէյճանի Նախայարձակման Զոհերու Յիշատակի Օր

Լոս Անճելըս Քաղաքը Նոյեմբեր 9-ը Հռչակած Է Արցախի Դէմ Ատրպէյճանի Նախայարձակման Զոհերու Յիշատակի Օր

by MassisPost

Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը միաձայն կերպով ընդունած  է բանաձեւ, որ կու գայ իր աջակցութիւնը յայտնելու Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան: Ընդունուած բանաձեւը ներկայացուցած են խորհուրդի անդամներ՝ Փոլ Գրիգորեանը եւ Միտչ Օֆարել՛ը:

Բանաձեւին մէջ ըսուած է, որ Լոս Անճելըս քաղաքը մնայուն կերպով աջակցած է Արցախի բնակչութեան, որոնք «ազգային եւ մշակութային տեսանկիւնէն հայեր են եւ բնիկ են տուեալ տարածաշրջանէն ներս եւ որոնք համարձակօրէն իրենց անկախութիւնը հռչակեցին Խորհրդային Միութենէն եւ Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութենէն շուրջ 30 տարի առաջ ու անկէ յետոյ ժողովրդավարական ինքնակառավարում կ’իրականացնեն»:

Բանաձեւը անդրադարձ կատարած է 2020 թուականի սեպտեմբերին ատրպէյճանական կողմի սանձազերծած պատերազմին՝ նշելով. «2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը սանձազերծեցին լայնածաւալ  յարձակում Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ՝ հանակարգելով իրենց գործողութիւնները Թուրքիոյ հետ եւ ստանալով անոր աջակցութիւնը՝ այդպիսով ամբողջովին զրոյի հասցնելով 30 տարուայ  հրադադարն ու վերսկսելով մասշտաբային  պատերազմ: Ասոր նպատակն էր ոչնչացնել եւ ազգային զտման ենթարկել բնիկ հայ բնակչութիւնը եւ ուժի միջոցով նուաճել Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը»:

«Այս բանաձեւի ընդունմամբ՝ Լոս Անճելըս քաղաքը կը յարգէ եւ կը սգայ այս յարձակման զոհ դարձած հազարաւոր անձերու մահը եւ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ը կը հռչակէ Արցախի Հանրապետութեան դէմԱտրպէյճանի նախայարձակման յիշատակի եւ ոգեկոչման օր»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ:

Քաղաքային խորհուրդի անդամները որոշած են՝ քանի որ Շուշի քաղաքը այժմ անօրինական կերպով կը վերահսկուի Ատրպէյճանի կողմէ, ժամանակաւորապէս դադրեցնել Շուշիի  հետ «բարեկամ քաղաք»-ի կարգավիճակը ու խոստացած են վերականգնել կարգավիճակը, երբ քաղաքը կրկին ազատ կը դառնայ ատրպէյճանական  գրաւումէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment