Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յաջող Սկիզբ Պայտընի Նախագահութեան

Յաջող Սկիզբ Պայտընի Նախագահութեան

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Ճօ Պայտըն իր նախընտրական խոստումները կեանքի կոչելով կը շարունակէ յաջողութիւններ արձանագրել համաճարակի դէմ պայքարի ու անոր հետ անմիջականօրէն կապուած տնտեսական ծրագիրներու իրագործման ուղղութեամբ: Վերջին օրերուն Պայտըն օրէնսդրական իր մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց երբ Ներկայացուցիչներու Տունը եւ ապա Ծերակոյտը վաւերացուցին Ամերիկեան Վերականգնումի Օրինագիծը, որ կը նախատեսէ 1.9 թրիլիոն տոլար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել աղքատ եւ միջին խաւերուն՝ յաղթահարելու համար համաճարակի տնտեսական ու ընկերային հետեւանքները:

Այս ծրագիրով 1400 տոլարի նպաստ պիտի ստանան բոլոր անոնք, որոնց անցեալ տարուայ անհատական եկամուտը 75 հազար տոլարէն նուազ էր (ընտանիքի պարագային 150 հազար տոլար): Փոքր զաւակներ ունեցողները պիտի ստանան յաւելեալ 1400 տոլար՝ իւրաքանչիւր երեխայի համար: Այսպիսով, յառաջիկայ օրերուն միլիոնաւոր Ամերիկացիներ պիտի օգտուին դրամական այս օժանդակութիւններէն: Պայտընի ընտրական ծրագիրով նախատեսուած 2000 տոլարի առաջին 600 տոլարը արդէն իսկ բաշխուած էր նախկին նախագահ Տանոլտ Թրամփի պաշտօնավարման վերջին օրերուն:

Ինչ կը վերաբերի անգործութեան նպաստներուն, հաստատուած օրինագծով այդ նպաստները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Սեպտեմբերի 6-ը: Նահանգներու տրամադրած շաբաթական գումարներուն վրայ ֆետերալ կառավարութիւնը պիտի աւելցնէ 300 տոլար եւս:

Օրինագիծը կը ներառէ նաեւ բազմաթիւ ծրագիրներ փոքր գործարարներուն օժանդակելու, տեղական կառավարութիւններուն օգնելու, դպրոցներու վերաբացումը ապահովելու եւ համաճարակի դէմ պայքարելու ուղղութեամբ: Տնտեսագէտներու կարծիքով 1.9 թրիլիոն տոլարի այս օրինագիծը ամենէն առատաձեռն է Ամերիկայի պատմութեան մէջ եւ մեծապէս պիտի նպաստէ նուազեցնելու երկրէն ներս աղքատութեան մակարդակը եւ խթանելու ամբողջ տնտեսութիւնը:

Ուշագրաւ էր որ, Գոնկրէսի երկու Պալատներէն ներս օրինագիծը վաւերացուեցաւ բացառապէս Դեմոկրատներու ձայներով: Ոչ մէկ Հանրապետական քուէարկեց այս օրինագիծին՝ առարկելով, որ գումարը շատ մեծ է եւ պիտի գայ աւելնալու պետական պարտքին վրայ: Նոյն հանրապետականները, 2017 թուականին, երբ իշխանութիւնը իրենց ձեռքն էր, նոյնքան մեծ գումարի հարկային արտօնութիւններ շնորհեցին մեծահարուստ դասակարգին առանց առարկելու պետական պարտքի մասին:

Պայտըն յաջողութեամբ առաջ կը տանի նաեւ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատմաստումի արշաւը: Ան իր պաշտօնավարման առաջին օրն իսկ խոստացաւ 100 օրուայ ընթացքին պատուաստել 100 միլիոն Ամերիկացիներ: Ներկայիս դրութեամբ, այդ խոստումի իրագործման ճանապարհին է, ոչ թէ 100 օրուայ, այլ շատ աւելի առաջ: Վերջին տուեալներով, օրական 2.2 միլիոն Ամերիկացիներ պատուաստ կը ստանան եւ կը կարծուի թէ մինչեւ աշուն երկիրը կը վերադառնայ իր բնականոն կեանքին ու կը վերականգնի ամբողջ տնտեսութիւնը:

Այս յաջողութիւններուն շնորհիւ նախագահ Պայտընի վարկանիշը հասած է 60 տոկոսի, որ բաւական տպաւորիչ է, երբ նկատի ունենանք որ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն երկիրը բաժնուած էր գրեթէ հաւասար երկու մասի:
Ճօ Պայտըն իր շուրջ համախմբելով կարող ու փորձառու մասնագէտներ յաջող սկիզբ մը կը դնէ իր նախագահութեան՝ վերջ տալով նախորդի օրով երկրէն ներս տիրող քաոսային վիճակին:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment