Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Արտակ Դաւթեանը ԳՇ Պետ Նշանակելու Միջնորդութիւնը Կրկին Ուղարկած 1 Նախագահին

Վարչապետը Արտակ Դաւթեանը ԳՇ Պետ Նշանակելու Միջնորդութիւնը Կրկին Ուղարկած 1 Նախագահին

by MassisPost

Վարչապետը Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին Արտակ Դաւթեանը նշանակելու միջնորդագրի հիմնաւորումները կրկին ուղարկած է նախագահին, «Ազատութիւն»ին յայտնեց վարչապետի խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ՝ Մարտ 10-ին, յայտարարեց Օննիկ Գասպարեանը Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնէն իրաւունքի ուժով ազատուած համարելու մասին, նոյն օրը աւելի ուշ, միջնորդեց նախագահին ԳՇ պետ նշանակել Արտակ Դաւթեանը։ Արմէն Սարգսեան առարկութիւններով վերադարձուցած էր Արտակ Դաւթեանը ԶՈւ ԳՇ պետ նշանակելու՝ վարչապետի առաջարկութիւնը:

Յիշեցնենք, որ 2018-ի Մայիսին՝ յեղափոխութենէն յետոյ, Դաւթեան ստանձնած էր Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնը եւ 2020-ի Յունիսին զինք այդ պաշտօնին փոխարինած Օննիկ Գասպարեան։ Իսկ 2020-ի Յուլիսէն մինչեւ Նոյեմբեր, Դաւթեան գրաւած է Ռազմարդիւնաբերական կոմիտէի նախագահի պաշտօնը:

Արտակ Դաւթեան, պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի հրամանով օրերս նշանակուած էր յատուկ յանձնարարութիւններու գծով աւագ սպայ։

Նշենք նաեւ, որ պաշտպանութեան նախարարի երէկուայ հրամանով՝ ԶՈւ ԳՇ պետի պարտականութիւններուն կատարումը ժամանակաւորապէս յանձնարարուած է ԳՇ պետի տեղակալ՝ Ստեփան Գալստեանին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment