Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանդիպում Ատրպէյճանական Գերութենէն Ազատ Արձակուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանին Հետ

Հանդիպում Ատրպէյճանական Գերութենէն Ազատ Արձակուած Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանին Հետ

by MassisPost

Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2021-ի առաւօտուն, Ռաուտայի ՍԴՀԿ Պանդուխտ Մասնաճիւղի Վարչութիւնը այցելած է Ատրպէյճանի Կողմէ գերեվարուած լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի բնակարանը։

Երկար ատենէ ի վեր Ատրպէյճանի մէջ գտնուող Մարալ Նաճարեան, որ արցախեան վերջին պատերազմէն օրեր ետք գերի ինկած էր, արդէն իսկ կը գտնուի Լիբանանի իր բնակարանը։

Անոնք ողջունած են չորս ամիս գերութեան մէջ գտնուած հայուհիի վերադարձը եւ յայտնած են իրենց աջակցութեան մասին:

Մարալ Նաճարեանի վերադարձի հարցով զբաղուած են Լիբանանի եւ Հայաստանի շարք մը պետական եւ իրաւաբանական կազմակերպութիւններ, կուսակցականներ:

Այս առիթով Մարալ Նաճարեան հարցազրոյցը մը տուած է Պէյրութի Արարատ օրաթերթի դիմատետրին վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment