Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՀԱԼՕ Թրասթ-ը Հերքած է Լուրերը, Թէ Պատերազմի Ընթացքին Կամ Անկէ Առաջ Թրքական Ուժերուն Ականադաշտերու Քարտէզներ Փոխանցած է

ՀԱԼՕ Թրասթ-ը Հերքած է Լուրերը, Թէ Պատերազմի Ընթացքին Կամ Անկէ Առաջ Թրքական Ուժերուն Ականադաշտերու Քարտէզներ Փոխանցած է

by MassisPost

Չպայթած ռազմամթերքի չեզոքացմամբ զբաղող ՀԱԼՕ Թրասթ բրիտանական բարեգործական կազմակերպութիւնը հերքած է լուրերը այն մասին, թէ պատերազմի ընթացքին կամ անկէ առաջ թրքական ուժերուն ականադաշտերու քարտէզներ փոխանցած է: Այս մասին ըսուած է կազմակերպութեան տարածած հաղորդագրութեամբ:

«ՀԱԼՕ Թրասթ-ը տեղեակ է այն պնդման մասին, որ այն 2020-ի Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին կամ անկէ առաջ թրքական ուժերուն ականադաշտերու քարտէզներ փոխանցած է ։ Աւելի քան 20 տարիներու ընթացքին ՀԱԼՕ Թրասթ-ը աշխատած է Ղարաբաղի մէջ տեղական բնակչութեան կեանքը անվտանգ դարձնելու համար։ ՀԱԼՕ Թրասթ-ը կը կարողանայ աշխատիլ հակամարտութեան գօտիներու վրայ ամբողջ աշխարհի մէջ միայն այն պատճառով, որ այն ոչ քաղաքական եւ չեզոք կազմակերպութիւն է։ Այս պնդումը բացարձակապէս սուտ է», ըսուած է յայտարարութեամբ։

Բրիտանական «HALO Trust» ընկերութիւնը, որ Արցախի մէջ կը զբաղէր բարեգործական աշխատանքով, թրքական յատուկ ծառայութիւններուն փոխանցած է Արցախի մէջ առկայ ականապատուած տարածքներու քարտէզը, ինչ որ հնարաւորութիւն տուած է 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ բարեյաջող յաղթահարել Արցախի ՊԲ-ի պաշտպանական ականապատուած տարածքները։ Այս մասին 24News-ին յայտնած է Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ՝ Պորիս Աւագեան։

«Հաւաստի աղբիւրներից ինձ յայտնի է դարձել, որ «HALO Trust» ընկերութիւնը, որն աշխատում էր բրիտանական բարեգործական կազմակերպութեան անուան տակ ու զբաղուած էր ականների չեզոքացման աշխատանքներով, Արցախում աշխատած ժամանակահատուածում ձեռք է բերել հայկական կողմի ականապատուած տարածքների քարտէզներն ու փոխանցել թուրքական յատուկ ծառայութիւններին։ Սրա պատճառով պատերազմի ժամանակ հակառակորդը կարողացել է բարեյաջող կերպով անցնել ականապատուած տարածքներով։ Վտանգաւոր տարածքները ուսումնասիրելու անուան տակ այս ընկերութիւնն իրականացրել է հետախուզական գործողութիւններ Արցախի ամբողջ տարածքում։

Այս կազմակերպութիւնը հիմնադրուել է բրիտանական խորհրդարանի անդամ եւ բրիտանական բանակի նախկին գնդապետ Քոլին Քէմբլ Միթչըլի կողմից 1988 թուականին»,- ըսաւ Աւագեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment