Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Թիւերը Հայաստանի Մէջ Կ’աճին

«Քորոնա» Ժահրի Թիւերը Հայաստանի Մէջ Կ’աճին

by MassisPost

Արդէն երկրորդ շաբաթն է, որ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստը կը բանայ՝ ահազանգելով «Քորոնա» ժահրի տարածման աճի մասին։

Այսօր՝ Մարտ11-ին, յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի մէջ գրանցուած է այս տարի «Քորոնա» ժահրով վարակուելու օրական դէպքերու ամենաբարձր ցուցանիշը՝ Մարտ 10-ին հաստատուած է 748 դէպք։ Մինչդեռ, երբ նախորդ հինգշաբթի, վարչապետը գործադիրի նիստը սկսաւ «Քորոնա» ժահրի տարածման մասին խօսքով, նախորդ օրուայ հաստատուած դէպքերու քանակը մէկ երրոդով պակաս էր այս վերջին ցուցանիշէն. Մարտ 3-ին հաստատուած էր 491 դէպք։

Կառավարութեան այսօրուայ նիստին, Փաշինեանի խօսքէն յետոյ, առողջապահութեան նախարար՝ Անահիտ Աւանէսեան թիւեր հնչեցուց․ – «Երէկ իրականացուել է 4285 հետազօտութիւն, որից դրական է եղել 748-ը: Ինչպէս կանխատեսում էինք անցած շաբաթ՝ ունենք հիւանդացութեան աճ: Այս պահին աշխոյժ դէպքերի թիւը 6772 է, որոնցից հիւանդանոց տեղափոխուած է 901-ը: Մենք այս պահին ունենք «Քորոնա» ժահրով հիւանդներին սպասարկող 9 բժշկական կեդրոն: Ներկայումս մօտ 100 ազատ մահճակալ ունենք: Այս օրերին եւս շարունակում են ծաւալման աշխատանքները՝ յընթացս տեսնելով աճի թեմփը: Բայց ուզում եմ զգուշացնել, որ մահճակալների թիւն անսպառ չէ, եւ պէտք է ամէն ինչ անել, որպէսզի մեր հիւանդների թիւն աւելի չլինի այն կարողութիւններից, որոնք մենք ունենք եւ կրկին չունենանք հիւանդներ, ովքեր տանը կը մնան ու հնարաւորութիւն չեն ունենայ հիւանդանոց տեղափոխուելու»:

Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի հրապարակած տուեալներու համաձայն, եթէ անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու օրական միջին թիւը 766,8 էր կամ մէկ օրուայ  կատարուած ընդհանուր հետազօտութիւններու 28,5 տոկոսը (այս թիւը նոյնպէս միջինացուած է), ապա այս տարուայ Յունուարին «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու օրական միջին թիւը 237,09 էր կամ մէկ օրուայ կատարուած ընդհանուր հետազօտութիւններու 13,5 տոկոսը, Փետրուարին՝ համապատասխանաբար 183,14 ու 6,5 տոկոս, իսկ այս Մարտի առաջին տասը օրերուն՝ 407 եւ 14,3 տոկոս։

Այս տուեալներէն ակնյայտ է, որ «Քորոնա» ժահրի թիւերը Յունուարին սկսան նուազիլ, նուազումը շարունակուեցաւ Փետրուարին, իսկ Մարտին կրկին սկսան աճիլ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment