Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Վալենթինա Մաթվիենքոյին, Մարալ Նաճարեանը Ազատ Արձակելու Կապակցութեամբ

Արարատ Միրզոյեան Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Վալենթինա Մաթվիենքոյին, Մարալ Նաճարեանը Ազատ Արձակելու Կապակցութեամբ

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան կը պատրաստուի ԱԺ խորհուրդին առաջարկել ՌԴ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ՝ Վալենթինա Մաթվիենքոյին շնորհել ԱԺ պատւոյ մետալ: Այս մասին նշուած է Մարալ Նաճարեանի՝ ատրպէյճանական գերութենէն ազատելու կապակցութեամբ Միրզոյեանի տարածած հաղորդագրութեամբ:

«Մեր հայրենակցուհի Մարալ Նաճարեանն ազատուեց ատրպէյճանական գերութիւնից եւ արդէն գտնւում է Լիբանանում: Այս կապակցութեամբ ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել ՌԴ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյին, ով արձագանգեց Տաթեւ Հայրապետեանի կողմից նախաձեռնած ԱԺ բոլոր կին պատգամաւորների նամակին եւ անձամբ իմ խնդրանքին՝ միջնորդի դեր ստանձնել Մարալին օր առաջ ազատելու գործում», – ըսուած է յայտարարութեամբ:

Ատրպէյճանական ուժերու կողմէն գերեվարուած Մարալ Նաճարեան, չորս ամիս գերութենէն յետոյ ազատ արձակուած է ու վերադարձած է տուն` Պէյրութ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment