Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Ընկերային Հարցման` 33 Տոկոսը Ձայն Կու Տար ՔՊ-Ին, 3-Ը` ԲՀԿ-Ին, Եթէ Ընտրութիւնները Յաջորդ Կիրակի Ըլլային

Ըստ Ընկերային Հարցման` 33 Տոկոսը Ձայն Կու Տար ՔՊ-Ին, 3-Ը` ԲՀԿ-Ին, Եթէ Ընտրութիւնները Յաջորդ Կիրակի Ըլլային

by MassisPost

Միջազգային հանրապետական հիմնարկը հրապարակած է ընկերային հարցման թարմ տուալներ, ուր ներառուած են նաեւ քաղաքական ուժերու վարկանիշերը։

Ո՞ր կուսակցութիւնը կ’ընտրէիք, եթէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարուին յաջորդ կիրակի։ Հարցուածներու 33 տոկոսը պատասխանած է, որ կ’ընտրէ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, 3 տոկոսը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, իսկ նախկին նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի օգտին արտայայտուած է հարցուածներու 2 տոկոսը։

Մէկական տոկոս ձայն, ըստ հարցման, կը ստանան Հանրապետական, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւնները եւ «Հայրենքի փրկութեան շարժում»ը։ «Լուսաւոր Հայաստանը» կը ստանայ մէկ տոկոսէն քիչ ձայն։ Հարցուածներուն 42 տոկոսը ըսած է, որ ոչ մէկ ուժի օգտին կ’ուզէ քուէարկել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment