Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած Է Բարձրագոյն Սպայակազմին Հետ

Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած Է Բարձրագոյն Սպայակազմին Հետ

by MassisPost

Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս խորհրդակցութիւն ունեցած է Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմին հետ: Խորհրդակցութեան մասնակցած են նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան, Գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալները, զօրավար՝ Արտակ Դաւթեան եւ այլք, յայտնած են կառավարութենէն:

Ելոյթ ունենալով` վարչապետը յայտարարած է, որ այսօրուընէ՝ Մարտ 10-էն, իրաւունքի ուժով Օննիկ Գասպարեան ազատուած է Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնէն: Փաշինեան անոր շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան իր մատուցած բոլոր ծառայութիւններուն համար. «Ոչ միայն Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնում աշխատած ժամանակաշրջանում, այլեւ իր ողջ կեանքի ընթացքում, որովհետեւ նա գործնականում ամբողջ գիտակից կեանքն անցկացրել է Զինուած ուժերում»:

Միաժամանակ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին միջնորդութիւն ներկայացուցած է Արտակ Դաւթեանը Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ նշանակելու վերաբերեալ` յիշեցնելով, որ Դաւթեան ղեկավարած է Գլխաւոր շտաբը 2018-էն 2020 թուականներուն:

«Համոզուած եմ, որ մենք միասին կը կարողանանք յաղթահարել այս փորձութիւնը եւ այս փորձութեան արդիւնքում Զինուած ուժերը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մեր պետութիւնը դուրս կու գան ուժեղացած:

Ուզում եմ բոլոր ներկաներին խնդրել, որ շարունակեն իրենց ծառայութիւնը որպէս Զինուած ուժերի զօրավարներ, սպաներ, որպէս Հայաստանի անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորը հանդիսացող մարմնի, կառոյցի յենասիւներ: Ես հաւատում եմ ձեզ, ես համոզուած եմ, որ իսկապէս այն ծառայութիւնները, որ դուք մատուցել էք՝ մատուցել էք անկեղծօրէն, եւ էլի ուզում եմ կրկնել, որ այդ ծառայութիւններն արժանի են ամենաբարձր գնահատանքի ու այդ գնահատանքը երբեք, որեւէ հանգամանքում, որեւէ պարագայում չի կարող յօդս ցնդել», – ըսած է վարչապետը:

Վարչապետը աւելցուցած է, որ աւելի մանրամասն խօսակցութիւն կ’ունենան Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի նոր պետի նշանակման առիթով ակնկալուող հանդիպման ընթացքին: Միեւնոյն ժամանակ, կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ դժուար ժամանակահատուածին, միասնականութիւնը ամենակարեւորն է, որ անհրաժեշտ է Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին:

«Մենք բառիս բուն իմաստով միասին, նաեւ մեր պետութիւնը, մեր ժողովուրդն անցնում ենք բաւականին ծանր փորձութեան միջով, բայց ուզում եմ արձանագրենք, որ նոյնիսկ ամենածանր փորձութեան ժամին մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը, որեւէ քաղաքացի, կառավարութեան որեւէ անդամ, մեզնից որեւէ մէկը չի կարող թերագնահատել այն անուրանալի ծառայութիւնները, որ Հայաստանի զինուած ուժերի բազմաթիւ զօրավարներ եւ սպաներ, ենթասպաներ, սերժանտներ, շարքայիններ մատուցել են եւ մատուցում են մեր երկրին, այդ թւում՝ այս դահլիճում ներկայ բազմաթիւ այրեր:

Ուզում եմ արձանագրել, որ մենք միասին շարունակում ենք կրել ընդհանուր պատասխանատւութիւն եւ համոզուած եմ, որ այդ պատասխանատւութիւնը կը կրենք պատւով: Ուզում եմ նաեւ արձանագրել հետեւեալը. Զինուած ուժերի կարիքներն ինչպէս եղել, այնպէս էլ շարունակում ու շարունակելու են մնալ կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնում: Ի հարկէ, սա նշանակում է, որ նաեւ մենք պիտի միասին կարողանանք քննարկել, վերլուծել, պատասխանել մի շարք հարցերի եւ ի հարկէ միասին ձեւաւորել Զինուած ուժերի ապագայի վերաբերեալ ընդհանուր տեսլական, առաջին հերթին հիմնուած այն բազմափորձ զօրավարների, սպաների կարծիքի եւ տեսանկիւնների վրայ, ովքեր Զինուած ուժեր, բանակ, բանակի կառավարում հասկացութիւնները գիտեն ոչ միայն որպէս անուանումներ, այլեւ ամէնօրեայ աշխատանք, ամէնօրեայ ջանք, ամէնօրեայ փորձութիւն», – յայտարարած է Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment