Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տաւուշի Մարզի Սահմաններու Որոշման Մասին Տեղեկութիւնները Կեղծ եւ Պառակտիչ Հրապարակումներ են

Տաւուշի Մարզի Սահմաններու Որոշման Մասին Տեղեկութիւնները Կեղծ եւ Պառակտիչ Հրապարակումներ են

by MassisPost

Տաւուշի մարզպետարանը եւ Տաւուշի մարզպետ՝ Հայկ Չոպանեան պաշտօնապէս պատասխանած են այն շրջանառուող տեղեկութիւններուն, թէ իբր Տաւուշի մարզի սահմաններու որոշման գործընթաց կը կատարուի։

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին ՀՀ Տաւուշի մարզպետարանէն, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ սահմաններու որոշման ոչ մէկ գործընթաց կայ եւ կը նախատեսուի:

«Սիրելի տաւուշցիներ, մեզ հնարաւոր չէ խուճապի մատնել, մեր սահմանները ամուր են նաեւ ձեզնով:

Կեղծ եւ պառակտիչ հրապարակումները գնահատում ենք որպէս յանցագործութիւն եւ հրաւիրում իրաւապահ մարմինների ուշադրութիւնը»,- ըսուած է Տաւուշի մարզպետարանի յայտարարութեան մէջ:

Իսկ Տաւուշի մարզպետ՝ Հայկ Չոպանեան յայտարարութեամբ նշած է. «Սիրելի հայրենակիցներ, յանցագործ, կեղծ եւ անբարոյական մարդիկ նորից շահարկում են մեր սահմանների անվտանգութիւնը, փոթորկում են սահմանին ապրող մարդկանց հանգստութիւնը։

Հայաստանի սահմանը, ինչպէս նախկինում, այնպէս էլ հիմա մեր զինուած ուժերի եւ սահմանապահ ժողովրդի կողմից լիարժէք պաշտպանւում է, իսկ անմենաչնչին վտանգի դէպքում բոլորս մէկ մարդու նման լինելու ենք սահմանին»։

Մարզպետը անբարոյ եւ անպատասխանատու համարած է վերոնշեալ գործողութիւնները, ինչպէս  նաեւ անձնական վիրաւորանք իր եւ Տաւուշի ժողովուրդի հասցէին։ «Անձնապէս հետամուտ եմ լինելու, որպէսզի բոլորն առնուազն հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրեն։

Եթէ որեւէ մէկը մտահոգ է, կարող է գալ Տաւուշ եւ տեսնել, թէ ինչպէս ենք ապրում, պահում ու զարգացնում մեր երկիրը»,- աւելցուցած է Տաւուշի մարզպետ՝ Հայկ Չոպանեան։

<center<

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment