Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոպական Միութիւնը Յստակ Ներկայացուցած է Հայ Գերիներու Խնդրի Շուտափոյթ Լուծման Անհրաժեշտութիւնը. ԵՄ Դեսպան

Եւրոպական Միութիւնը Յստակ Ներկայացուցած է Հայ Գերիներու Խնդրի Շուտափոյթ Լուծման Անհրաժեշտութիւնը. ԵՄ Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մօտ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան՝ Անտրիա Վիքթորին անդրադարձած է Ատրպէյճան պահուող հայ գերիներու խնդրին, ընդգծելով հարցի շուտափոյթ լուծման անհրաժեշտութիւնը:

«Եւրոպական Միութիւնը շատ յստակ ներկայացուցած է իր տեսակէտը եւ հրապարակուած է խնդրի շուտափոյթ լուծման անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւն: Այդ նաեւ ներկայացուած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհրդէն ներս»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ դեսպան Անտրիա Վիքթորին:

Աւելի վաղ, Եւրոպական Միութիւնը կոչ ըրած էր Ատրպէյճանին  անյապաղօրէն ազատել կալանքի տակ գտնուող հայ գերիները՝ նշելով, որ այդ կը նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ինչ որ կարեւոր է տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment