Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ալիեւ Պնդած Է, Թէ Հայաստան Կը Փորձէ Խոչընդոտել Զանգեզուրեան Միջանցքի Իրագործումը

Ալիեւ Պնդած Է, Թէ Հայաստան Կը Փորձէ Խոչընդոտել Զանգեզուրեան Միջանցքի Իրագործումը

by MassisPost

Հայաստան կը խուսափի համագործակցութենէն եւ կը փորձէ խոչընդոտել Զանգեզուրեան միջանցքի իրագործումը, այսօր՝ Մարտ 5-ին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը՝ ելոյթ ունենալով իշխող կուսակցութեան՝ «Ենի Ազերեբայջանի» համագումարին։

Իլհամ Ալիեւ վերստին սպառնալիքներ հնչեցուցած է հայկական կողմի հասցէին, պնդելով, թէ Պաքուն «կը ստիպէ Երեւանը եւ ի վերջոյ իրականութիւն կը դարձնէ իր ցանկութիւնը»։

Պաշտօնական Երեւանը հակադարձած է, թէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ որեւէ միջանցքի ստեղծման մասին խօսք չկայ։ «Զանգեզուրն անուանելով «ատրպէյճանական պատմական տարածք» եւ յղում կատարելով մտացածին «միջանցքի»՝ Ատրպէյճանի նախագահը դիտաւորեալ տապալում է Նոյեմբերի 9-ի եւ Յունուարի 11-ի եռակողմ յայտարարութիւնների իրագործումը: Նման հռետորաբանութիւնը հակասում է Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններին, անթաքոյց մարտահրաւէր է միջազգային իրաւունքին եւ որեւէ կերպ չի նպաստում տարածաշրջանում կայունութեան հաստատմանը»,- շեշտած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղդալեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment