Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պետական Պահպանութեան Ծառայութիւնը Վարչապետի Ենթակայ Մարմին Դարձնելու Նախագիծ

Պետական Պահպանութեան Ծառայութիւնը Վարչապետի Ենթակայ Մարմին Դարձնելու Նախագիծ

by MassisPost

Վարչապետի աշխատակազմը մշակած է եւ Իրաւական աքթերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքը տեղադրած նոր նախագիծ, որով կ’առաջարկուի պետական պահպանութեան ծառայութիւնը առանձնացնել Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն եւ զայն ներառել վարչապետին ենթակայ մարմիններու շարքին մէջ։

Ծառայութիւնը, որ կ’ապահովէ պետական պաշտպանութեան ենթակայ անձեր եւ շէնք-շինութիւններու անվտանգութիւնը, ներկայիս օրէնսդրական կարգաւորումներու համաձայն՝ ունի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գրասենեակի կարգավիճակ:

Նախագիծին մէջ, որպէս հիմնաւորում նշուած է.

«Պետական պահպանութեան ծառայութիւնը հանդէս է գալիս որպէս որոշակիօրէն ինքնուրոյնութեամբ օժտուած միաւոր, որի գործառոյթների իրացման գործընթացում թէեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աջակցութեան կարիքն առանձին դէպքերում առկայ է, սակայն դրանց կենսագործումն անմիջականօրէն «պայմանաւորուած» չէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մասնակցութեամբ, եւ հարկ եղած դէպքում համապատասխան աջակցութիւնը լիարժէք կերպով կարող է տրամադրուել նաեւ պետական մարմինների միջեւ փոխգործակցութեան շրջանակներում: Աւելին, պետական պահպանութեան ծառայութեան որոշակի ինքնուրոյնութեան արտացոլումն է նաեւ վարչապետի անմիջական մասնակցութիւնը նրա ղեկավար կազմի ձեւաւորման հարցում՝ ծառայութեան ղեկավարը նշանակւում եւ ազատւում է հանրապետութեան նախագահի կողմից՝ վարչապետի առաջարկութեամբ, իսկ առաջին տեղակալը՝ վարչապետի կողմից՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի ներկայացմամբ:

Կարեւորելով ծառայութեան գործառոյթների օփերաթիւ կառավարման անհրաժեշտութիւնը եւ նկատի ունենալով, որ պետական պահպանութեան ծառայութեան պարագայում ծառայութիւնը պայմանաւորուած է ամենօրեայ ռեժիմով իրավիճակին արագ արձագանգելու եւ համարժէք գործողութիւններ իրականացնելու հրամայականով՝ նախատեսւում է այն ներառել վարչապետին ենթակայ մարմինների շարքում»:

Այժմ վարչապետին ենթակայ երեք մարմին կայ՝ Ոստիկանութիւնը, Պետական վերահսկողական ծառայութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, որու կազմում ալ ներառուած է պետական պահպանութեան ծառայութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment