Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արա Սաղաթէլեան Ազատ Արձակուեցաւ

Արա Սաղաթէլեան Ազատ Արձակուեցաւ

by MassisPost

Վերաքննիչ դատարանը բաւարարած է Ազգային ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար-գլխաւոր քարտուղար՝ Արա Սաղաթէլեանը կալանաւորելու որոշման դէմ բողոքը: Ան ազատ արձակուեցաւ:

Արա Սաղաթէլեան, որ նաեւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն ղեկավարած է նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի եւ տեղեկատուութեան կեդրոն» ՊՈԱԿ-ը, Փետրուար 21-ին դատարանի որոշմամբ երկու ամիսով կալանաւորուած էր։ Ան մեղադրուած է խումբ մը այլ անձերու հետ Դիմատետրային «Գագիկ Սողոմոնեան» կեղծ էջը ստեղծելու եւ կառավարելու համար։ Այդ էջը հայհոյախառն ու գռեհիկ արտայայտութիւններով կը վիրաւորէ գործող իշխանութիւնները։

Գործով մեղադրեալի կարգավիճակ ունին երեք այլ անձեր, անոնց կարգին` «Քառեակ մետիայի» համահիմնադիր Կարէն Բեքարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment