Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ներքաղաքական Խորացող Տագնապը

Հայաստանի Ներքաղաքական Խորացող Տագնապը

by MassisPost

Հայաստանի ներքին իրադարձութիւնները կը շարունակեն զարգանալ կայծակնային արագութեամբ: Հայաստանի ժողովուրդն ու սփիւռքահայութիւնը անձկութեամբ կը հետեւին հայրենիքի մէջ կատարուող քաղաքական ելեւէջներուն, յուսալով, որ կարելի կը դառնայ շուտափոյթ յաղթահարել օրըստօրէ խորացող տագնապը ու խուսափիլ աւելի մեծ վտանգներէ:

Վերջին օրերուն Հայաստան կ՛անցնի սահմանադրական լուրջ ճգնաժամի ընդմէջէն: Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբը եւ բարձրաստիճան այլ զինուորականներ հանդէս եկան յայտարարութեամբ՝ առարկելով Գլխաւոր Շտաբի առաջին տեղակալի պաշտօնէն հեռացման դէմ ու պահանջելու վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը:

«Երկրի համար այսպիսի ծանր պայմաններում նման որոշումը հակապետական եւ անպատասխանատու քայլ է: ՀՀ վարչապետը եւ կառավարութիւնն այլեւս ի վիճակի չեն ընդունելու ատակ որոշումներ՝ հայ ժողովրդի համար այս ճգնաժամային եւ ճակատագրական իրավիճակում», ըսուած էր բանակի ղեկավարութեան յայտարարութեան մէջ, որուն ի պատասխան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշեց Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանին հեռացնել իր պաշտօնէն՝ անոր կողմէ առնուած քայլը որակելով «յեղաշրջման փորձ»:

Բնականաբար, ընդդիմադիր խմբաւորումները խանդավառութեամբ ընդունեցին զինուորականներու այս դիրքորոշումը խորհելով որ Փաշինեանին հեռացնելու իրենց նպատակը մօտեցած է իր աւարտին: Սակայն, բանակի այս պահուածքը առիթ տուաւ նաեւ վարչապետին, որպէսզի ցոյց տայ թէ ինք կը շարունակէ վայելել հասարակութեան բաւականին լայն խաւի վստահութիւնը եւ կրնայ կարճ ժամանակուայ ընթացքին զօրաշարժի ենթարկել Հայաստանի քաղաքացիները: Յիշեցնելով 2018 թաւշեայ յեղափոխութեան օրերը, ան երկու առիթներով կարողացաւ Երեւանի կեդրոնական հրապարակը լեցնել բազմահազար իր համակիրներով, հասկցնելով ներքին եւ արտաքին ուժերուն, որ այդքան ալ հեշտ պիտի չըլլայ զինք հեռացնել վարչապետի պաշտօնէն:

Տագնապը աւելի սուր բնոյթ ստացաւ երբ Նախագահ Արմէն Սարգսեան մերժեց ստորագրել Գլխաւոր Շտաբի պետին հեռացնելու վարչապետի հրամանագիրը: Փաշինեան մնաց իր որոշումին վրայ եւ հրամանագիրը երկրորդ անգամ ըլլալով ուղարկեց նախագահին, որու լիազօրութիւններուն մէջ կ՛իյնար այս անգամ որոշումը ուղարկել Սահմանադրական Դատարանի քննութեան: Սակայն, Նախագահը առաւ խոհեմ որոշում՝ կանխելով սահմանադրական ճգնաժամը, որ կրնար տեւել երկար ժամանակ՝ մինչեւ Դատարանի վերջնական որոշումը:

Այսպիսով Օնիկ Գասպարեան ինքնաբերաբար կը դառնայ Գլխաւոր Շտապի նախկին պետ ու կը մնայ որ ան ենթարկուի այդ իրաւական քայլին:

Հոս պէտք է յստակօրէն արձանագրել, որ զինուած ուժերը ուղղակի կամ անուղղակի ներքաշումը քաղաքական գործընթացներու մէջ ոչ միայն հակասահմանադրական է, այլ սպառնալիք՝ Հայաստանի պետականութեան եւ ներքին կայունութեան: Երկրի Սահմանադրութեամբ յստակ արձանագրուած է որ, բանակի հրամանատարութիւնը կ՛ենթարկուի քաղաքական ղեկավարութեան որոշումներուն եւ այստեղ չկայ վարչապետի որոշումներուն հետ համաձայնելու կամ չհամաձայնելու հարց: Նոյնպէս, բարձրաստիճան զինուորականները իրաւունք չունին հանդէս գալ քաղաքական յայտարարութիւններով ու հակադրուիլ իրենց գերագոյն հրամանատարին:

Մարտ 1-ի առթիւ կայացած հանրահաւաքի ընթացքին Փաշինեան պատրաստակամութիւն յայտնեց երթալու արտահերթ ընտրութիւններու: Այժմ հերթը խորհրդարանական ընդդիմադրութեան է, որպէսզի անոնք դրական արձագանգեն վարչապետի առաջարկին ու այդպիսով առաջին քայլը առնուի դէպի իրավիճակի որոշակի կայունացում:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment