Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Մտածելակերպ, Նոր Հայաստան – Պարտութիւն եւ Պատեհութիւն

Նոր Մտածելակերպ, Նոր Հայաստան – Պարտութիւն եւ Պատեհութիւն

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

«Վեհ էակը պէտք է կարողանայ կրել պարտութիւնները եւ փախուստ չտալ անոնցմէ, որովհետեւ այդ ընելով բացայայտած կըլլայ մտքի պայծառութիւնը, մինչ փախուստ տալով՝ սրտի վախկոտութիւնը»:  Փիեթրօ Արեթինօ

«Քաջ ըլլալ ձախողութեան պարագային, կը նշանակէ արժանի ըլլալ արիութեան. իմաստուն ըլլալ ձախողութեան պարագային, կը նշանակէ տիրել ճակատագրին»:  Ագնէս Ռեփլիէ

Պէտք է խոստովանինք, որ Արցախեան այս վերջին պատերազմին մեր կրած պարտութիւնը ծանր հոգեվիճակի մատնեց մեզ եւ վստահ ենք նաեւ ամէն ազգասէր հայ: Պէտք է խոստովանինք նաեւ, որ պարտութեան առթած ճնշումէն աւելի, մեզ կը մտատանջէ այն խայտառակ իրավիճակը, որուն ականատես կ’ըլլանք Հայաստանէն ներս: Մեր խորին համոզմամբ, անհատի կեանքին մէջ  եւ կամ ազգի պատմութեան մէջ, յառաջընթաց կարձանագրեն անոնք, որոնք դասեր կը քաղեն ամէն մէկ պարտութիւնէ կամ ձախողութիւնէ եւ պատեհութիւնը կը ստեղծեն վերականգնելու կորսուածը: Մեր այս համոզման բոլորովին հակառակն է, որուն ականատես կ’ըլլանք Հայաստանէն ներս: Ինչպէս որ անցնող աւելի քան երկու տասնամեակներուն, պատեհապաշտ մարդիկ շահագործեցին Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակը յօգուտ իրենց գրպաններուն, այսօր ալ կը շահագործեն պարտութիւնը, դարձեալ յօգուտ իրենց շահերուն: Այս ընթացքով, մենք դուռը լայն կը բանանք նորանոր աղէտներու առջեւ: Մենք հոն դժբախտաբար չենք տեսներ հինգ դարեր առաջ ապրած Փիեթրօ Արեթինօյի նշած մտքի պայծառութիւնը եւ ոչ ալ մօտ հարիւրամեակ մը առաջ ապրած Ագնէս Ռեփլիէյի նշած իմաստութիւնը, յաղթահարելու համար պարտութիւնն ու ձախողութիւնը եւ տէրը դառնալու մեր ճակատագրի կերտման:

Մեր այս յօդուածով պիտի առաջարկենք, որ ի՞նչ ուղիով պէտք է ընթանալ, յաղթահարելու այս պարտութիւնը, տնօրինելու մեր ճակատագիրը եւ կերտելու արժանապատիւ ապագայ մը: Դժբախտաբար, մեր կատարելիք առաջարկները բոլորովին նորութիւններ պիտի չըլլան, այլ արագ վերաքաղ մը այն գլխաւոր իրականութիւններուն, որոնք բարձրաձայնած էինք անցած մօտ երեք տասնամեակներուն մեր հրատարակած յօդուածներով: Կը յուսանք, որ Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակի բերկրութեան (euphoria) ազդեցութեան տակ անտեսուած մեր առաջարկները, այս երկրորդ պատերազմին մեր կրած պարտութեան լոյսին տակ կ’արժանանան ուշադրութեան: Այս պարտութիւնը սթափեցնող ապտակ մը պէտք է ըլլայ բոլորիս համար, վերատեսութեան ենթարկելու մեր մտածելակերպն ու գործելաձեւը:

Ահաւասիկ մեր գլխաւոր առաջարկները:

Սերունդներու Պատասխանատուութեան Գիտակցութիւնը

Մենք կը հաւատանք, որ ամէն մէկ սերունդ, որպէս մէկ օղակը հայ ժողովուրդի պատմութեան երկար շղթային, պարտաւորութիւնը ունի իր նպաստը բերելու այդ շղթայի ամրակայման: Այդ գծով յաջողութեան հասնելու համար, ամէն մէկ անհատի մտածելակերպին մէջ պէտք է ամրագրուի հետեւեալ հարցումը. «ԵՍ ի՞նչ կրնամ ընել ԱԶԳԻՍ համար»: Մեր անձնականէն անդին, ազգին ալ օգտակար հանդիսանալու պատասխանատուութեան գիտակցութւինը պէտք է ամրապնդուի մեր մէջ: Մայիս 6, 1995-ին «Մասիս»ի մէջ հրատարակուած մեր «Սերունդներու Պատասխանատուութիւնը» յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Ամէն մէկ սերունդ պատասխանատու է պատմութեան շղթայի իր օղակին… Ուրեմն գիտակցինք մեր տկարութեանց ու սրբագրենք զանոնք: Բայց մանաւանդ գիտակցինք մեր զօրութեանց: Մենք զօրաւոր ժողովուրդ ենք: Այլապէս այսօր գոյութիւն պիտի չունենայինք, ինչպէս այսօր գոյութիւն չունին  ժամանակին մեզմէ շատ աւելի ուժեղ եղած ազգեր… Պատմական առաքելութեան մը առջեւ կը գտնուի մեր սերունդը: 1988-ով սկսած մեր ազգային նորագոյն Զարթօնքը երկար ճամբայ ունի կտրելիք մինչեւ իրականացումը մեր անկատար երազներուն»: Այստեղ դարձեալ կ’արժէ մէջբերել վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի քիչ ծանօթ «Իմ Ցաւը» բանաստեղծութեան վերջին քառատողը, առանց մեկնաբանութեան.

Հէք մարդկութեան մէկ ոստը գօս՝
Հայրենիք մը ունիմ թշուառ,
Չ’օգնած անոր՝ մեռնի՛լ աննշան,
Ոհ, ա՛յս է սոսկ ցա՛ւ ինձ համար:

Ամբողջ»ի Արժէքին Ընկալումը

Երբ ակնարկ մը կը նետենք հազարամեակներու մեր պատմութեան վրայ, բացայայտ կը դառնայ, որ հոն ուր առաջնորդուած ենք «ամբողջ»ի, այսինքն հայ ազգի շահերով, մենք յաղթանակներ կերտած ենք: Իսկ հոն ուր «մաս»ի, այսինքն անհատի-տոհմի-կուսակցութեան շահերը գերադասուած են, ապա անպայմանօրէն տուժած է «ամբողջ»ը: Յունուար 4, 2003-ին հրատարակուած մեր «Ամբողջ եւ Մաս» յօդուածին մէջ կը նշէինք. «Փոխանակ ժողովուրդին մէջ զարգացնելու «ամբողջ»ի՝ ազգային ոգիի գիտակցութիւնը, զայն մխրճեցինք վարչակարգերու եւ գաղափարախօսութեանց լաբիւրինթոսին մէջ ու մասնատեցինք: Բաժան-բաժան ըրինք ժողովուրդը, որպէսզի ստեղծենք մեր մենաշնորհեալ ագարակները»: Մեր այս տկարութիւնը դարմանելու անհրաժեշտութեան անդրադարձած ենք շատ մը յօդուածներով, ինչպէս՝ «Անձնասիրութիւնէ դէպի ազգասիրութիւն», «Հասկնանք զիրար», «Խօսքն ալ կը սպաննէ», «Էականը», եւալն: Այս վերջինին մէջ կը նշէինք, որ հայ ազգի «մեծերը յաւերժացան, որովհետեւ անցողակիէն անդին ձգտեցան ծառայել յաւերժին: Անոնք յաւերժացան, որովհետեւ իրենց անձէն անդին, ձգտեցան ծառայել հասարակութեան, ժողովուրդին, ազգին: Անոնք մեզի աւանդեցին, որ երբ անձդ կը հաշտեցնես ազգիդ հետ եւ կ’ապրիս անով, ոչ միայն զարկ տուած կ’ըլլաս անձնականիդ զարգացման, այլ նաեւ ազգիդ: Բայց երբ անձիդ զարգացման համար կ’արհամարհես ու կ’անտեսես շրջապատդ, կամ կը փորձես յառաջդիմել ի հեճուկս հայրենակիցիդ ոտնակոխման, նպաստած չես ըլլար անձիդ ու ազգիդ երկարաժամկէտ շահերուն»: Դժբախտաբար այս գիտակցութիւնը տակաւին չէ ընկալուած մեր ազգը առաջնորդել յաւակնող ղեկավարներու կողմէ: Այլապէս ականատես պիտի չըլլայինք այն դէպքերուն որոնք կը պատահին:

Ազգային Արեւելումի Հիմնականութիւնը

Զանազան յօդուածներով շեշտած ենք ազգային արեւելում ունենալու հիմնականութիւնը մեր անկախ ճակատագրի կերտման գործընթացին մէջ: Հայաստանի անկախութեան 4րդ տարեդարձին առթիւ Սեպտ. 23, 1995-ին հրատարակուած մեր «Ազգային Արեւելում» յօդուածին մէջ կը գրէինք. «Չտարուինք սին ու երազային խոստումներէ եւ յոյսերէ, ուրկէ որ ալ գան ատոնք. Ո՛չ արդարութիւն հայցենք աջէն ու ձախէն եւ ո՛չ ալ յետոյ, յուսախաբ ու վիրաւոր՝ թքնենք այդ արդարութեան երեսին: Այլ՝ գիտակցինք, որ այդ արդարութիւն ըսուածը ուղակիօրէն կապուած է մեր ուժին: Կ’ամբարե՞նք այդ ուժը՝ կը պահանջենք ու կը տիրանանք մեր իրաւունքներուն: Չե՞նք ամբարեր՝ մեր պահանջքը կը դառնայ ծիծաղելի, կը խեղճանանք ու կ’արհամարհուինք աջէն ու ձախէն»:

Ինքնախաբէութիւնէ Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութիւնը

Ծանր է ընդունիլը, որ ազգովին կը տառապինք ինքնախաբէութիւնէ, բայց անհրաժեշտ քայլ մըն է այդ ընելը, որպէսզի առաջքը առնենք մեր կրած դժբախտութեանց եւ տակաւին մեզի սպառնացող վտանգներուն: Ազգովին չենք անդրադառնար, որ կը մսխենք անցեալէն մեզի հասած ժառանգութիւնը: Չենք անդրադառնար մեր թերիներուն եւ կը շարունակենք վատաբանել ու չհաւնիլ տարբեր ազգեր, որոնք մեզմէ դարեր ետք երեւացին պատմութեան թատերաբեմին վրայ եւ մեզմէ շա՜տ առաջ անցած են: Յունուար 3, 2015-ին մեր հրատարակած «Ինքնախաբէութիւնէ ինքնաճանչութիւն եւ անդին» յօդուածով կ’անդրադառնայինք մեր այս ազգային հիւանդութեան ու կը նշէինք. «Ամէն մէկ հայ պէտք է բարձրաձայն հարց տայ. «ա՞յս էր իմ Մեծ Երազը»: Դժբախտաբար հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը բացասական պատասխան պիտի տայ այս հարցումին, Եղեռնի հետեւանքով պապենական հողէն տարագրուած հայէն  մինչեւ վերչին տարիներուն Հայաստանէն արտագաղթած հայը: Ուրեմն բոլորս պարտինք բարձրաձայնել մեր դժգոհութիւնը այն բոլոր արատաւոր երեւոյթներու եւ արատաւոր մարդկանց դէմ, մանաւանդ ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուողներուն, որոնք պատճառ կը դառնան համազգային յուսախաբութեանց:» Մեր այդ յօդուածին մէջ կը մէջբերէինք հաստատումներ Ռաֆֆիէն, գրուած 150 տարիներ առաջ, որ «ինքնախաբէութիւնը բարոյական ինքնասպանութիւն է», որուն դարմանը կը կայանայ ինքնաճանաչութեան մէջ: Անոր շնորհիւ է, որ անհատին մէջ «առաջ է գալիս տոկուն աշխատութիւնը, դա է ոգեւորում մարդուն դէպի անդադար առաջադիմութիւն. Դա է ծնում հանճարները, արհեստը, գիտութիւնը եւ աշխարհի բարօրութիւնը: Դժգոհութիւնը իր վիճակից՝ մի ազնիւ գրգիռ է, որ տանում է դէպի նրա բարւոքումը»:

Ժողովրդավարութեան եւ Օրէնքի Գերակայութեան Էականութիւնը

Որքան ալ հաճելի թուի հերոսի կերպարը, որ հրաշքներ կը գործէ, ան չկրնար ապահովել պետութեան մը երկարատեւ բարօրութիւնը: Իսկ ինքզինքը հերոս կարծող բռնապետը, պարզապէս դժբախտութիւն է տուեալ երկրի ու ժողովուրդի համար, ինչպիսի տեսակի «տղամարդ» ալ համարէ ինքզինք: Երկրի մը բարօրութեան ու յառաջդիմութեան համար էական են օրէնքի գերակայութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը: Օգոստոս 20, 2011-ին հրատարակուած մեր «Աւատապետական Հայաստանի արհաւիրքը» յօդուածին մէջ կը նշէինք. «Երկրի վիճակի բարելաւումը չկրնար գալ լոկ մէկ աւատապետը ուրիշով մը փոխարինելով: Անհատներէն անդին աւելի հրամայական է համակարգային փոփոխութիւնը, ժողովուրդի մտայնութեան եւ հոգեբանակաան վիճակի փոփոխութիւնը: Որքան տարածուն է երկրէն ներս ժողովրդավարութեան հիմքը, այնքան ամուր է երկրի դիրքը, այնքան երաշխաւորուած է երկրի բնակչութեան արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրւունքն ու ապագան, որովհետեւ երկիրը կախեալ չէ միայն մի քանի անձերէ, որոնք կարելի է կաշառել, խեղճացնել եւ կամ նոյնիսկ սպաննել: Փոխանակ մեր փրկութիւնը անհատներէ յուսալու, մենք պէտք է զարկ տանք ժողովուրդի մտայնութեան մէջ Չարենցեան պատգամի ամրապնդման՝ հաւաքական ուժի գոյառման»: Ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան էականութեան մասին շատ անգամներ անդրադառձած ենք մեր յօդուածներուն մէջ, ինչպէս «Ժողովրդավարութեան եւ արժանաւոր առաջնորդներու կարիքը», «Ժողովուրդի քայլը», «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն, պատասխանատուութիւն եւ օրէնքի գերակայութիւն», «Ժողովրդավարութիւն եւ կայունութիւն», եւայլն: Այս վերջինին մէջ կը նշէինք. «Եթէ մենք իսկապէս մտահոգ ենք մեր երկրի արժանապատիւ ապագայով, անոր տնտեսական վերելքով, արտաքին վարկի բարձրացմամբ եւ Արցախեան հարցի բարւոք լուծմամբ, ապա առաջին հերթին պէտք է ստեղծենք երկրէն ներս օրինական, արդար եւ ժողովրդավար իրաւակարգ: Մենք պէտք է քաջ գիտակցինք, որ որեւէ պետութեան կայունութեան աստիճանը պայմանաւորուած է նախ եւ առաջ ժողովուրդի դաւանած արդարութեան, օրինականութեան, ազատութեան եւ ժողովրդվարութեան սկզբունքներու որակով:»

Պատմութիւնէն Դասեր Քաղելու Կարեւորութիւնը

Հոկտեմբեր 19, 1991-ին «Մասիս»ի մէջ հրատարակուած մեր անդրանիկ յօդուածը խորագրած էինք՝ «Որպէսզի Չկրկնուին Անցեալի Սխալները»: Անկէ ետք զանազան յօդուածներու մէջ զուգահեռներ մատնանշած էինք անցեալի եւ ներկայի դէպքերուն, կարեւորելով անոնցմէ դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը: Օրինակի համար նշենք, Հոկտ. 2, 2010-ին հրատարակուած՝ «Սարդարապատի Հերոսամարտէն Կարսի Խայտառակութիւն, Արցախեան Հերոսամարտէն…» յօդուածը: Հոն կը գրէինք. «Արդեօ՞ք յուսահատական վիճակներու մէջ իտէալիստներու զոհաբերութեամբ կերտուած յաղթանակները աւարի կեր կը դառնան խաղաղ ժամանակներու պատեհապաշտներու, ազգային գիտակցութիւնէ եւ հայրենասիրութիւնէ զուրկ վաշխառուներու»: Մեր յօդուածը կ’աւարտէինք. «Կը գիտակցի՞նք արդեօք, որ այս ընթացքով Արցախեան հերոսամարտն ալ կրնայ յանգիլ նոր Կարսեան խայտառակութեան: Մտածենք ու գտնենք հնարը փոխելու այս ընթացքը:»

Այս յօդուածով մենք ջանացինք ամփոփ պատկեր մը տալ անցած 30 տարիներու ընթացքին հրատարակած մեր աւելի քան 300 յօդուածներով ջատագոված գլխաւոր միտքերուն: Նկատի առած յօդուածի մը սահմանափակ տարողութիւնը, բնականաբար դուրս ձգեցինք շատ մը այլ կէտեր: Բայց այսքանն ալ բաւարար է հաստատելու, որ եթէ մեր քաղաքական առաջնորդները, մտաւորականութիւնն ու ժողովուրդը, գործէին վերը նշուած կէտերու համոզումով, ապա մեր այսօրուան իրավիճակը շատ աւելի բարենպաստ պիտի ըլլար: Բազմաթիւ անգամներ մենք ահազանգ հնչեցուցած ենք, որ սխալ ընթացքի մէջ ենք եւ «մտածելակերպի ու գործելաձեւի ԿՏՐՈՒԿ ՇՐՋԱԴԱՐՁ է պէտք, կասեցնելու քայքայման տանող մեր ներկայ ընթացքը: Այս հանգիստ բայց կործանարար ընթացքը պէտք է ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑՆԵԼ, նոր ուղիներու որոնումով եւ նոր հեռանկարներու պատկերացումով» («Կտրուկ Շրջադարձ», Ապրիլ 26, 2014): Բազմաթիւ անգամներ մենք կարեւորած ենք մեր ապագան մեր ձեռքով եւ միասնական ուժերով կերտելու անհրաժեշտութիւնը: «Մարդ կայ, որ ճակատագրապաշտ է ու կը յանձնուի ճակատագրի քմայքին: Մարդ ալ կայ, որ կը հաւատայ թէ իր իմացական ուժով կարող է կերտել ա՛յն ճակատագիրը, որուն ինքզինք արժանի կը գտնէ:…Մենք մեր ձեռքով պիտի կերտենք մեր ապագան, վստահելով նախ եւ առաջ մեր սեպհական ուժին ու մեր արեան կանչին: Պիտի չի՛ հանդուրժենք, որ որեւէ ուժ, ներքին թէ արտաքին, կաշկանդէ մեր մտքերն ու մտածողութիւնը: Մտքեր կաշկանդողը չի՛ կրնար ազգը առաջնորդել արժանապատիւ ապագայի ուղիով: Համոզուած ըլլալով, որ մեզ նման փոքր ժողովուրդներու հաստատ ու արժանապատիւ ապագայի գլխաւոր երաշխիքը կը կայանայ նոյնինքն ժողովուրդի ուժաւորման եւ ժողովրդավար, արդար ու օրէնքի գերակայութեան հիմունքներով առաջնորդուող հասարակարգի մը ստեղծման մէջ, բոլորիս պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ պայքարիլ յանուն այդ նպատակի իրագործման: Պէտք է թիկունք կանգնինք այդ հաւատքով ոտքի ելածներու պայքարին ու անոնց գաղափարի տարածման: Որովհետեւ «անո՛նք կարող են յաղթել, որոնք կը հաւատան թէ կրնան»:» («Իշխանափոխութիւն՝ մտայնափոխութեամբ», Յունուար 3, 2009)

Արցախեան այս վերջին պատերազմին մեր կրած պարտութիւնը պէտք չէ՛ ընկճէ մեզ, այլ՝ զօրացնէ մեր մարտունակութիւնը, քաւելու մեր սխալները եւ շարժուելու առաջ: Մենք տակաւին յուսալից ենք, որ Հայաստանի երիտասարդ սերունդը մեզ պիտի առաջնորդէ այդ ուղիով: Աւելի քան 400 տարիներ առաջ, Մոնթայն գրած է. «Պարտութիւններ կան, որոնք աւելի փառաւոր են, քան՝ յաղթանակներ»: Մոնթայնի խօսքի արդարացման գործընթացը կը սկսի մեր ձախողութեանց իսկական պատճառներու բացայայտմամբ եւ պատասխանատուներու հաշուետուութեամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment