Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԶՈւ ԳՇ. Օննիկ Գասպարեան Մինչեւ 8-օրեայ Ժամկէտի Լրանալը Կը Շարունակէ Իր Ծառայութիւնը

ԶՈւ ԳՇ. Օննիկ Գասպարեան Մինչեւ 8-օրեայ Ժամկէտի Լրանալը Կը Շարունակէ Իր Ծառայութիւնը

by MassisPost

Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնանկութեան հրամանագիրը երկրորդ անգամ չստորագրելու եւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի առնչութեամբ Սահմանադրական դատարան դիմելու նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի երեկուայ յայտարարութենէն յետոյ, այսօր՝ Մարտ 3-ի առաւօտեան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբը, թէ նախագահի կողմէն Սահմանադրական դատարան դիմելը կը նշանակէ, որ Գլխաւոր շտաբի պետ՝ Օննիկ Գասպարեան մինչեւ 8-օրեայ ժամկէտը լրանալը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը։

Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան այսօր հանդիպած է Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ՝ Օննիկ Գասպարեանին հետ:

Նախագահի աշխատակազմէն յայտնած են, որ անոնք մասնաւորապէս անդրադարձած են վերջին իրադարձութիւններու առնչութեամբ ստեղծուած լարուած իրավիճակին: Նշուած է, որ անկախ այդ կապակցութեամբ որոշումներէն, առաջնահերթ կարեւորութիւն են երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ զինուած ուժերը մշտապէս պէտք է ըլլան բոլորիս հոգածութեան ներքոյ, եւ ինքը պիտի շարունակէ ուշադրութեան կեդրոն պահել բանակը եւ անոր խնդիրները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment