Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոպական Միութիւնը հայաստանեան ուժերուն բանակցութիւններու կոչ կ’ընէ

Եւրոպական Միութիւնը հայաստանեան ուժերուն բանակցութիւններու կոչ կ’ընէ

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնը վերստին կոչ կ’ընէ հայաստանեան ուժերուն տարաձայնութիւնները հարթելու բանակցութիւններու միջոցով։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ ուղերձը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին փոխանցած է ԵՄ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար՝ Ժոզէփ Պորելը՝ երէկ՝ Մարտ 2-ին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ժամանակ։

««Բարձրագոյն յանձնակատարը անդրադարձել է այն մարտահրաւէրներին, որոնց առջեւ կանգնած է այսօր Հայաստանը, եւ ընդգծել, որ բոլոր դերակատարները պէտք է քաղաքական տարաձայնութիւնները հարթեն խաղաղ ճանապարհով՝ խստօրէն հետեւելով խորհրդարանական ժողովրդավարութեան սկզբունքներին ու գործընթացներին»», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Պրիւքսելին, կողմերը քննարկած են նաեւ տնտեսական ու առեւտրային համագործակցութիւնը, տարածաշրջանի անվտանգութեան վերաբերող հարցեր։

Պաշտօնական Երեւանի հաղորդմամբ, երկուստեք կարեւորած են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորման հարցերու հասցէագրումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment