Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԶՈՒ-ն Միայն Այդ Յայտարարութեան Տակ Ստորագրած Զօրավարները Չեն. Անդրանիկ Քոչարեան

ԶՈՒ-ն Միայն Այդ Յայտարարութեան Տակ Ստորագրած Զօրավարները Չեն. Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Անդրանիկ Քոչարեանի կարծիքով՝ Գլխաւոր Շտաբի ղեկավարութեան մէկ մասը ռազմական յեղաշրջման փորձ կ’ընէ, սակայն ԶՈՒ-ն միայն վարչապետի հրաժարականի պահանջով յայտարարութեան տակ ստորագրած անձինք չեն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ Քոչարեան նման տեսակէտ յայտնած է ԱԺ-ի յայտարարութիւններու ժամանակ:

«Ընդդիմութեան կողմից վերջին օրերին հրաւիրուած հանրահաւաքների ընթացքում Եուրի Խաչատուրովը ողջունում էր ԳՇ-ի՝ վարչապետի հրաժարականը պահանջելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը»,-ըսած է Քոչարեան:

Ըստ Քոչարեանին՝ հիմա՝ յետպատերազմեան այս բարդ վիճակին, քաղաքական նպատակներով բանակը չօգտագործելու կոչեր ընելու փոխարէն՝ Խաչատուրովը փաստօրէն կ’ողջունէ զանոնք: «Ակնյայտ է, որ բանակին քաղաքական գործընթացների մէջ ներքաշելը նախապէս մտածուած է եւ դիտաւորեալ է արւում՝ ներքին անկայունութիւն ստեղծելու նպատակով: Նախքան ԳՇ յայտարարութիւնը, ընդդիմութիւնը բանակի զօրավարներին եւս մեղադրում էր պարտութեան մէջ, սակայն այժմ ընդդիմադիրները կտրուկ փոխել են պարտութեան վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը՝ մեղադրելով միայն քաղաքական իշխանութեանը»,-ըսած է Քոչարեան:

Քոչարեան շեշտած է. « Զինուած ուժերը միայն այդ յայտարարութեան տակ ստորագրած զօրավարները չեն կամ զօրավարների մի մասը չեն, այլ նաեւ զինուորները եւ սպայակազմը, որոնք հերոսաբար 44 օր իրենց ուսերին կրեցին պատերազմի դժուարութիւնները: ԳՇ ղեկավարութեան մի մասը՝ իշխանութիւնը տապալելու նպատակով, բացայայտ ռազմական յեղաշրջման փորձ է անում, որը պէտք է խստօրէն դատապարտուի»:

Ըստ Քոչարեանին՝ բանակը հիմա Պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորութեամբ պէտք է աշխատի հրադադարի ռեժիմի պահպանման եւ Զինուած ուժերու վերակազման անսասան իրականացնելու ուղղութեամբ: «Իսկ մեզ համար գլխաւոր խնդիրն է ներքին անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովումը»,-եզրափակած է պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment