Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեան Չստորագրեց Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնանկութեան Հրամանագիրը

Արմէն Սարգսեան Չստորագրեց Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնանկութեան Հրամանագիրը

by MassisPost

Օննիկ Գասպարեան Իրաւունքի Ուժով Ազատուած Է Պաշտօնէն

Նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարած է, որ չ’ընդունիր Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ՝ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատելու՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկութիւնը եւ Սահմանադրական դատարան (ՍԴ) դիմած է «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի առնչութեամբ։

«Հանրապետութեան նախագահը կարեւորում է ՀՀ զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանին պաշտօնից ազատելու հարցի վերաբերեալ առաջացած քաղաքական ճգնաժամի հրատապ հանգուցալուծումը։ Այդ նպատակով հանդիպումներ են եղել վարչապետի, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի եւ զինուած ուժերի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի հետ: Ուսումնասիրուել են ազատելու մասին հրամանագրի նախագծի առնչութեամբ Նախագահի առարկութիւնները չընդունելու վերաբերեալ վարչապետի հիմնաւորումները», – ըսուած է Արմէն Սարգսեանի յայտարարութեամբ, որ հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը։

Ակնյայտ է, շեշտած է նախագահը, որ ստեղծուած իրավիճակը արդիւնք է պատերազմական եւ յետպատերազմական ժամանակաշրջանին քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու շրջանակին մէջ առկայ տարաձայնութիւններու՝ երբեմն խիստ անձնաւորուած մօտեցումներով: Չեն կրնար անտեսուիլ նաեւ հրամանագրի ստորագրման առարկելու համար հիմք հանդիսացած իրաւական առումով խնդրայարոյց մեկնաբանութիւնները, իրաւակիրառ կիրարկումը, օրէնքի հնարաւոր բացը, նշած է Սարգսեան։

Նախագահը յիշեցուցած է, որ իր նախորդ յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծած էր, որ խնդրի շուտափոյթ եւ Սահմանադրութեան ծիրէն ներս կարգաւորումը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու կայունութեան համար առաջնային կարեւորութիւն ունի եւ բացարձակ անհրաժեշտութիւն է պետականութեան պահպանման, հասարակութեան հետագայ պառակտումը կանխելու, ժողովուրդի միասնութիւնը եւ հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու, ստեղծուած անորոշ վիճակէն դուրս գալու եւ վերջնական հանգուցալուծման հասնելու համար, ապա յայտարարած․

«Հանրապետութեան նախագահը որոշել է չստորագրել հրամանագրի նախագիծը:

Միաժամանակ, առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 1-ին մասի 4-րդ կէտով, Հանրապետութեան նախագահն առանձին դիմումով դիմելու է Սահմանադրական դատարան «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017թ. Նոյեմբերի 15-ի ՀՀ օրէնքի՝ Սահմանադրութեանը համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով»։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի Մարտ 2-ին հրապարակած յայտարարութենէն յետոյ, Օննիկ Գասպարեան կը համարուի պաշտօնէն ազատուած:

Փաստաբան՝ Նորայր Նորիկեան  այսպէս մեկնաբանեց նախագահի յայտարարութիւնը եւ անկէ բխող իրողութիւնը.

«Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 139-րդ յօդուածի 3-րդ կէտի համաձայն՝ եթէ Հանրապետութեան նախագահը չի կատարում սոյն յօդուածի 2-րդ մասով սահմանուած պահանջները, այն է՝ չի ստորագրում համապատասխան աքթը կամ դիմում Սահմանադրական դատարան, ապա աքթը ուժի մէջ է մտնում իրաւունքի ուժով:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Հանրապետութեան նախագահը չի ստորագրել միջնորդող կողմի՝ ՀՀ վարչապետի կողմից երկրորդ անգամ ներկայացուած միջնորդութիւնը եւ այդ հարցով չի դիմել Սահմանադրական դատարան՝ հետեւաբար իրաւունքի ուժով զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանին զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնից ազատելու՝ վարչապետի կողմից ներկայացուած միջնորդութիւնը իրաւունքի ուժով մտել է ուժի մէջ:

Օնիկ Գասպարեանն այլեւս իրաւասու չէ կատարել ԳՇ պետի պարտականութիւնները, քանի որ իրաւունքի ուժով ազատուած է պաշտօնից»:

Հարցին, թէ իսկ ի՞նչ կը նշանակէ նախագահի յայտարարութիւնը, որ առանձին դիմումով պիտի դիմէ ՍԴ՝ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017-ի Նոյեմբեր 15-ի ՀՀ օրէնքի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով, Նորիկեան պատասխանեց.

«Նախագահի յայտարարութիւնում չի ասւում, թէ այդ օրէնքի որ յօդուածն է վիճարկուելու, այնտեղ խօսւում է մտադրութեան մասին: Երբ որ նման հարց բարձրացնի, դիմումի բովանդակութեանը կը ծանօթանանք, դիրքորոշում կ’արտայայտենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment