Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտի 1-ի Տարելիցին Առթիւ Հաւաքուած Տասնեակ Հազարաւորներու Ներկայութեան Փաշինեան Յայտարարեց – «Խորհրդարանական Ուժերու Համաձայնութեան Պարագային Պատրաստ Ենք Երթալ Արտահերթ Ընտրութիւններու»

Մարտի 1-ի Տարելիցին Առթիւ Հաւաքուած Տասնեակ Հազարաւորներու Ներկայութեան Փաշինեան Յայտարարեց – «Խորհրդարանական Ուժերու Համաձայնութեան Պարագային Պատրաստ Ենք Երթալ Արտահերթ Ընտրութիւններու»

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Մարտ 1-ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած տասնեակ հազարաւորներու ներկայութեան անդրադարձաւ երկիրը յուզող շարք մը թեմաներու: Նախ ան յայտարարեց, որ կը մնայ իր կարծիքին, թէ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ՝ Օննիկ Գասպարեանը պէտք է լքէ այդ պաշտօնը: Աւելին ըսաւ, որ Գասպարեան, վարչապետի ու կառավարութեան հրաժարականը պահանջող յայտարարութիւնը ստորագրած է երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի դրդմամբ:

Հայաստանի մէջ 2021 թուականի Մարտ 1-ը կը դիմաւորեն այնպիսի իրավիճակի մէջ, երբ առկայ են ղարաբաղեան 2-րդ պատերազմի ծանր հետեւանքները, հազարաւոր զոհերու փաստը, անհետ կորածներու հարցը, բազմաթիւ  գերիներու հանգամանքը, բռնութեան քարոզը, զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու գործընթացը: Հանրապետութեան հրապարակի հանրահաւաքին այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նշելով, որ այդ ամէնը երկիրն ու ժողովուրդին նոր մարտահրաւէրներ բերած է:

Երկրի ղեկավարը նաեւ հրապարակայնօրէն խոստացաւ երթալ արտահերթ ընտրութիւններու առաջնահերթ խորհրդարանական խմբակցութիւններու համաձայնութեան պարագային, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին:

Rally-03-01-1

Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, թէ այն Գլխաւոր շտաբի պետը, որ կ’ընէ քաղաքական յայտարարութիւններ, պէտք է հեռանայ. «Ընդ որում, այդ յայտարարութիւնն անում է Սերժ Սարգսեանի եւ նախորդ իշխանութիւնների` Հանրապետականների դրդմամբ, ովքեր ուզում են 2008 թուականի նման ժողովրդական կամքը խեղդել թանկերի թրթուրների տակ, ՀՀ-ն նման Գլխաւոր շտաբի պետ չի կարող ունենալ:

Այս հանգամանքն ամենեւին Զինուած ուժերում վրէժների հիմք չպէտք է տայ, փառք Աստուծոյ, այս պահի դրութեամբ, Զինուած ուժերը եւ Օննիկ Գասպարեանը կարմիր գծեր չեն հատել, եւ ես ուզում եմ համոզմունք յայտնել, որ չեն էլ հատի, բայց անխուսափելիօրէն, կրկնում եմ` Օննիկ Գասպարեանը պէտք է հեռանայ Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնից: Բայց ուզում եմ ասել նաեւ, որ Զինուած ուժերում, այո, վրէժներ չեն լինելու, որովհետեւ կապ չունի` ով է ստորագրել այդ թուղթը, ով չի ստորագրել, որոշումն այդ թուղթը սեղանին դնելու եւ այդ ստորագրութիւնների գործընթացը սկսելու կայացրել է Օննիկ Գասպարեանը Սերժ Սարգսեանի դրդմամբ, ես չեմ ուզում ասել հրամանով:

Ես ուզում եմ ուղիղ ասել, այստեղ ուղիղ պիտի ասեմ, որ երբ որ իմ կողմից նշանակուած Գլխաւոր շտաբի պետը կատարում է մերժուածի հրամանները, այ դա ամենամեծ դաւաճանութիւնն է, այ էտ ա դաւաճանութիւնը, բայց էլի եմ ասում` թուղթը, եկէք ճիշդ հասկանանք, որը դրուել է սեղանին զօրավարների ստորագրութեան համար, այդ թուղթը դրել է, եւ առնուազն այդ առաջարկը այլ զօրավարների արել է Օննիկ Գասպարեանը, ստորագրելուց յետոյ այդ թուղթը հրապարակելու որոշումը նոյնպէս կայացրել է Օննիկ Գասպարեանը: Եւ ես էլի ասում եմ` Օննիկ Գասպարեանը պէտք է հեռանայ, միւսները պէտք է վերադառնան իրենց ծառայութեան»:

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ պատրաստ են երթալ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, եթէ առաջարկը ընդունուի խորհրդարանական ուժերու կողմէ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ վարչապետը այս մասին ըսաւ Հանրապետութեան հրապարակի հանրահաւաքին ունեցած ելոյթին ընթացքին:

Rally-03-01-2

«Արտահերթ ընտրութիւնների վերաբերեալ մեր ձեւակերպած առաջարկը խորհրդարանական ուժերի կողմից ընդունուելու պարագայում, մենք կը համաձայնուենք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների, որովհետեւ համոզուած ենք, որ մեր ժողովուրդը իր ազատ կամարտայայտմամբ ի վիճակի է Հայաստանում հաստատել օրինական իշխանութիւն»,-նշեց վարչապետը:

Վարչապետը աւելցուց, որ ընդդիմադիրները օգտագործած են բոլոր հնարաւորութիւնները հրապարակներուն վրայ ի ցոյց դնելու, որ ժողովուրդը կը պահանջէ իր հրաժարականը: «Նրանք չկարողացան դա անել, ես տալիս եմ երկրորդ հնարաւորութիւնը եւ նետում եմ այս մարտահրաւէրը, եկէք գնանք ժողովրդի առջեւ նոր ընտրութեան, տեսնենք ում հրաժարականն է պահանջում ժողովուրդը»,- նշեց ան:

Փաշինեան աւելցուց, որ ընտրութիւններ կատարելու պատրաստակամութիւնը մէկ նպատակ ունի. «Ինչքան էլ մենք մասնակցենք կարգախօսներով, ճառերով, խոստումներով, մենք այդ ընտրութիւններում մեր յաղթանակը չենք փնտռելու, մենք այդ ընտրութիւններում փնտռելու ենք ձեր յաղթանակը, որովհետեւ դուք պէտք է յաղթէք»,- ըսաւ վարչապետը:

Սահմանադրութիւնը, ըստ Նիկոլ Փաշինեանին, բազմաթիւ ճգնաժամային վտանգներ կը ստեղծէ: Վարչապետը կը կարծէ, որ ժամանակն է արձանագրել, որ պէտք է փոփոխել զայն:

«Այս տարուայ հոկտեմբեր ամսին համաժողովրդական հանրաքուէով ընդունենք նոր Սահմանադրութիւն կամ սահմանադրական փոփոխութիւններ, եւ ի վերջոյ կիսանախագահական կառավարման համակարգի անցնելը հնարաւոր տարբերակներից մէկը պէտք է լինի, եւ այս գործընթացը մենք պիտի իրականացնենք Ազգային ժողովի, կառավարութեան, հանրապետութեան նախագահի, քաղաքական ուժերի եւ քաղաքացիական հանրութեան հետ սերտ համագործակցութեան պայմաններում:

Իսկ մինչ դա կան յօդուածներ մեր Սահմանադրութեան մէջ, որոնց փոփոխումը չի ենթադրում համաժողովրդական հանրաքուէ, եւ դա կարելի է փոխել Ազգային ժողովում տեղի ունենալիք քուէարկութեան միջոցով: Առաջիկայ մէկ ամսուայ ընթացքում մենք պէտք է նոյն ձեւաչափերով` կառավարութիւն- Ազգային ժողով-հանրապետութեան նախագահ-քաղաքական ուժեր, աշխատենք լաւարկելու համար այն յօդուածները, որոնք լաւարկելու հնարաւորութիւն կայ Ազգային ժողովում տեղի ունեցած քուէարկութիւնների եւ խորհրդակցութիւնների արդիւնքում: Սա մի աշխատանք է, որը պիտի անենք», – ըսաւ Փաշինեան:

Rally-03-01-3

Փաշինեան կարեւոր նուաճումներէն մէկը կը համարէ ժողովրդի կողմէ իշխանութիւն ձեւաւորելու իրաւունքը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, Հանրապետութեան Հրապարակի հանրահաւաքին ՀՀ վարչապետը նշեց, որ այն բոլոր ճգնաժամերը, որոնք առկայ են, պէտք է լուծուին ոչ թէ ժողովրդի սահմանադրական իշխանութեան հաշուին, այլ հակառակը՝ ժողովուրդի իշխանութեան վերահաստատմամբ:

«Իշխանութիւն ձեւաւորելու ժողովուրդի իրաւունքը ոչնչով չպէտք է վտանգուի, այլ ընդհակառակը պէտք է ուժեղանայ: Այսինքն՝ ՀՀ-ում միայն ժողովուրդը պէտք է որոշի ով լինի իշխանութիւն եւ ով չլինի: Մեր ընթացիկ ճգնաժամի առանցքը հենց սա է, ժողովրդի իշխանութիւնն իր ձեռքից ուզում են խլել եւ մենք Հրապարակում հաւաքուել ենք ասելու, որ դա թոյլ չենք տալու»,-ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Հանրապետութեան Հրապարակի հանրահաւաքը աւարտեցաւ երթով:  Նիկոլ Փաշինեան գլխաւորութեամբ երթը գալեց  Մաշտոցի պողոտայ, Կորիւնի փողոց, Աբովեան փողոց երթուղիով, որու աւարտին Միասնիկեան արձանի մօտ ծաղիկներ զետեղուեցան՝ Մարտ 1-ի զոհերու յիշատակը յարգելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment