Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լեւոն Արոնեան. «Ստիպուած եմ Կայացնել Բեկումնային Որոշում եւ Հեռանալ Հարազատ Երկրէն»

Լեւոն Արոնեան. «Ստիպուած եմ Կայացնել Բեկումնային Որոշում եւ Հեռանալ Հարազատ Երկրէն»

by MassisPost

«Մէկ տարուց աւելի ներկայիս կառավարութեան խոստումների իրագործմանը սպասելուց յետոյ հասկացայ, որ ստիպուած եմ կայացնել բեկումնային որոշում եւ հեռանալ հարազատ երկրից», – Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ճատրակի աշխարհի բաժակակիր Լեւոն Արոնեան՝ արձագանգելով շրջանառուող լուրերուն, թէ պիտի հրաժարի Հայաստանի դրօշի ներքոյ հանդէս գալէն եւ պիտի մեկնի ԱՄՆ՝ տեւական բնակութեան։

Արոնեան ընդգծած է, որ ընտրութեան առջեւ կանգնած էր՝ թողնել կեանքի գործը կամ տեղափոխուիլ այնտեղ, ուր զինք կը գանահատեն, իսկ փոփոխութեան ակնկալիքի իւրաքանչիւր տարի, իրեն համար, ինչպէս նշած է, մարզական ասպարէզի տեսանկիւնէն վատնուած տարի է։

«Ես անկեղծօրէն հպարտանում եմ նրանով, որ պատիւ եմ ունեցել զգալի ներդրում ունենալու հայկական շախմատի մեծագոյն ձեռքբերումներում․ ողիմպիական երեք ոսկի, ոսկիներ աշխարհի եւ Եւրոպայի առաջնութիւններում, աշխարհի երկու գաւաթ, մի շարք անհատական եւ խմբային յաղթանակներ: Կարծում եմ՝ պարզ է, որ շախմատում հնարաւոր չի հասնել համաշխարհային բարձունքների՝ առանց տեւական ժամանակ կատարուող հսկայական աշխատանքի եւ պետութեան նպատակային օժանդակութեան: Կարեւոր է նշել, որ մեր շախմատային յաջողութիւններում էական գործօն էր Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի անձնական ուշադրութիւնը եւ տարիներ շարունակ ցուցաբերած կարեւոր աջակցութիւնը», – գրած է Արոնեան:

Ընդգծելով, որ 2018 թուականի յեղափոխութենէն յետոյ նոր կառավարութիւնը խոստացաւ շարունակել այդ գիծը՝ շախմատիստը նշած է, որ խոստումը սահմանափակուեցաւ ընդամէնը մէկ տարի մասնակի օժանդակութեամբ, որմէ յետոյ այդ ալ դադրեցաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment