Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Մէջ կը Հակադարձեն «Իսքանտեր»-ի Մասին Փաշինեանի Յայտարարութեան

Ռուսաստանի Մէջ կը Հակադարձեն «Իսքանտեր»-ի Մասին Փաշինեանի Յայտարարութեան

by MassisPost

Երէկ՝ Փետրուար 23-ին, Փաշինեան 1in.am- ին տուած հարցազրոյցին, անդրադառնալով նախկին նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի մեղադրանքներուն` 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, «Իսքանտեր»-ի ժամանակին չօգտագործելու վերաբերեալ, ըսած է, որ Սարգսեան «ինքը գիտի իր հարցերի պատասխանը»: «Թող հարց տայ՝ ինչո՞ւ «Իսքանտեր»-ը չի պայթել: Կամ ինչո՞ւ է այն պայթել, օրինակ, 10 տոկոսով», – ըսած է Փաշինեան:

Պետտումայի պաշտպանութեան կոմիտէի փոխնախագահ՝ Վիքթոր Զաւարզինը «Կը խօսի Մոսկուան» ռատիոկայանի եթերով, այսօր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին մեղադրած է սուտի մէջ` «Իսքանտեր»-ներու արդիւնաւէտ չըլլալու մասին անոր յայտարարութենէն յետոյ:

««Իսքանտեր»-ները մեզ մօտ շատ բարձր ճշգրտութեան զէնք են, ինչը բազմիցս ապացուցուած է տարբեր զօրավարժութիւններու ժամանակ։ Այդ ուղղակի բացարձակ սուտ է, եւ նոյնիսկ ոչ մէկ կասկածի ենթակայ է», – ըսած է ռուսաստանցի պատգամաւորը։

Պետտումայի մէկ այլ պատգամաւոր՝ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ խորհրդարաններու միջեւ բարեկամութեան խումբի ղեկավար՝ Տմիթրի Սապլին, «Իսքանտեր»-ներու մասին Փաշինեանի յայտարարութիւնը մեկնաբանած ատեն ըսած է, թէ «Իսքանտեր» օփերաթիւ-մարտավարական համալիրի հրթիռներու մասին Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւնը կը խօսի անոր ոչ իրազեկ ըլլալու մասին: Պետտումայի պատգամաւորի խօսքերը հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

«Այլ բաներ կը խանգարեն վատ պարողը։ Ժողովրդական այս ասացուածքը լաւագոյնս կը բնութագրէ վերջին պատերազմին «Իսքանտեր»-ներու օգտագործման եւ անոնց հնացած ըլլալու մասին Հայաստանի վարչապետի խօսքերը», – ըսած է ռուս պատգամաւորը։

Տմիթրի Սապլին նաեւ շեշտած է, թէ «Իսքանտեր»-ը հաստատած է իր բարձր որակները, Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դէմ պատերազմի ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment