Home ՍՓԻՒՌՔ Կարօ Փայլան Ահազանգած Է Թուրքիոյ Մէջ Արեւմտահայերէնի Ոչնչացման Վտանգին Մասին

Կարօ Փայլան Ահազանգած Է Թուրքիոյ Մէջ Արեւմտահայերէնի Ոչնչացման Վտանգին Մասին

by MassisPost

Թուրքիոյ Ազգային ժողովի հայ պատգամաւոր, «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան անդամ՝ Կարօ Փայլան ահազանգած է, որ այդ երկրին մէջ արեւմտահայերէնը, ի թիւս այլ լեզուներու, յայտնուած են ոչնչացման վտանգի տակ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին ան գրառում կատարած է Դիմատետրի իր էջով:

«Մայրենի լեզուս՝ արեւմտահայերէնը եւ բազմաթիւ այլ լեզուներ ոչնչացման եզրին են: Մայրենի լեզուի միջազգային օրուայ առթիւ կը մաղթեմ, որ լեզուները եղբայրաբար ապրին մեր երկրին մէջ»,- գրած է Փայլան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment