Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Աւրորան» կը Փոխէ Ռազմավարութիւնը Արցախի Օգնութեան Ծրագրին Մէջ

«Աւրորան» կը Փոխէ Ռազմավարութիւնը Արցախի Օգնութեան Ծրագրին Մէջ

by MassisPost

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը յայտարարէ Արցախի օգնութեան ծրագրի հիմնովին նոր փուլ մը. այսուհետեւ անիկա կ’աջակցի այնպիսի նախագիծերու, որոնք կ’օժանդակեն եւ կը խթանեն ընկերային երկարաժամկէտ զարգացումը տարածաշրջանին մէջ: Պատերազմէն ետք, «Աւրորայի» կողմէ մեկնարկած ծրագիրը #AraratChallenge նախաձեռնութեան միջոցաւ՝ մարդասիրական անյապաղ օգնութիւն կը տրամադրէր արցախցիներուն: Անկէ զատ, «Աւրորայի» համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէեանը, Վարդան Գրեգորեանը եւ Ռուբէն Վարդանեանը 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար նուիրաբերեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին՝ Արցախի օգնութեան ծրագիրներուն համար:

Այս նոր փուլով անցում կը կատարուի կայունութեան ուղղուած ծրագիրներուն, որոնք կ’ապահովեն երկարաժամկէտ ազդեցութիւն եւ կ’ընդգրկեն ֆինանսաւորման նախագիծեր, որոնք կ’աջակցին փոքր ձեռներէցութեան, ենթակառուցուածքներու վերականգնումին եւ կը խթանեն տնտեսութիւնը: Միեւնոյնատեն նախաձեռնութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր յանձնառութեան՝ պահպանելու եւ յառաջ մղելու հայկական ժառանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Անիկա նաեւ պիտի շարունակէ աջակցիլ նախագիծերու, որոնք անմիջական օգնութիւն կը տրամադրեն Արցախի անապահով համայնքներուն:

«Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ հրադադարի հաստատումէն ետք «Աւրորան» կարեւոր դերակատարում մը ունեցաւ՝ անյապաղ օգնութիւն տրամադրելով մարդասիրական լուրջ ճգնաժամի առջեւ կանգնած արցախահայութեան: Այսօր տեղւոյն վրայ անհրաժեշտ են ռազմավարական լուծումներ, եւ մենք ուրախ ենք ըլլալու առաջիններէն մէկը, որ օրակարգ կը վերադարձնէ երկարատեւ ընկերային զարգացումն ու կ’աջակցի նախագիծերու, որոնք կը նպաստեն զայն»,- ըսաւ «Աւրորայի» Արցախի ծրագրի ղեկավար Նարինէ Աղապալեանը:

Ըլլալով տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական ոլորտի հիմնական առաջատարներէն՝ «Աւրորան» կը նախատեսէ համախմբել նախաձեռնութեան գործընկերները՝ բաժնեկցելու լաւագոյն փորձով՝ ապրիլին կազմակերպուող համաժողովին, ինչպէս նաեւ ներգրաւել փորձագէտները հայկական սփիւռքէն եւ նպաստել մարդասիրական հարթակի զարգացումը:

Արցախի մարդասիրական ծրագրի մեկնարկէն ի վեր՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը արդէն ընդհանուր 581.740 ԱՄՆ տոլար (300.660.500 դրամ) յատկացուցած է՝ աջակցելով 57 տեղական եւ միջազգային նախագծի, որոնք ներկայացուած են ստորեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment