Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ Զինուորները Փրակա Ժամանած են՝ Բժշկական Օգնութիւն Ստանալու Նպատակաւ

Հայ Զինուորները Փրակա Ժամանած են՝ Բժշկական Օգնութիւն Ստանալու Նպատակաւ

by MassisPost

Փրակայի Վացլաւ Հաւելի անուան օդակայանին մէջ Չեքիոյ հայերը եւ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչը դիմաւորած են արցախեան պատերազմի ընթացքին տուժած զինուորներ Նորայր Սուքիասեանը, Արամ Աւետիսեանը եւ հայրը՝ Արմէն Աւետիսեանը։

Նորայրը մասնակցած է Ասկերանի մէջ ընթացած մարտերուն, կորսնցուցած է մէկ ոտքը, իսկ Արամը կորսնցուցած է երկու ոտքերը՝ վիրաւորուելով Ջրականի (Ջաբրայիլ), ապա Բերձորի (Լաչին) մօտ ընթացող մարտերուն։ Արամը Աչաջուր գիւղէն է, Նորայրը՝ Գիւմրիէն։ Տղաքը Փրակայի եւ Չեքիոյ այլ քաղաքներու մէջ կ’անցնին ոչ միայն անհրաժեշտ բժշկական զննումէ, այլեւ կը ստանան բարձրակարգ շինծու անդամներ։

Տղոց շինծու անդամներ տրամադրելն ու անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը կազմակերպած է «Տո՛ւր ինծի յոյս» բարեգործական կազմակերպութիւնը։ «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցներէն մէկուն ընթացքին՝ հիմնադիր-ղեկավար Սոնա Վարդանեանը նշած էր, որ Հայաստան գալու նպատակը մէկն էր՝ ծանօթանալ տղոց առողջական վիճակին եւ հասկնալ, թէ որոնք առաջնային բժշկական օգնութեան կարիք ունին։ Ճիշդ այդ ժամանակ ալ հիմնեց «Տո՛ւր ինձ յոյս» բարեգործական կազմակերպութիւնը եւ սկսաւ դրամահաւաքները։

Կազմակերպութիւնը պայմանագիր ունի շինծու անդամներ տրամադրող գերմանական Օթթոպուք ընկերութեան հետ, որ առաջարկած է 33 տոկոս զեղչ։ Սոնան նաեւ հրաւէր ստացած է «ԱՆՈ» կուսակցութեան խորհրդարանական  ներկայացուցիչներու կողմէ եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է. տղոց վիրահատութեան անհրաժեշտութեան պարագային՝ Փրակայի Զինուորական հիւանդանոցէն ներս չեքիացի բժիշկները անվճար պիտի իրականացնեն զայն։

Առաջին փուլին Փրակայի մէջ շինծու անդամներ պիտի ստանայ հինգ հոգի՝ Արամն ու Նորայրը, Սարգիս Ֆիտանեանը, Էրիք Գրիգորեանը եւ Սարգիս Սարգիսեանը։ Տղաքը երեք ամսուայ ընթացքին պիտի ստանան անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը, ապա պիտի տեղափոխուին Հայաստան եւ անցնին վերականգնողական շրջանը։

Աղբիւր՝ orer.eu

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment