Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Կայացաւ Ընդդիմադրութեան Հանրահաւաքը

Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Կայացաւ Ընդդիմադրութեան Հանրահաւաքը

by MassisPost

Շաբաթ օր, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում» ընդդիմադիր համախմբումի հանրահաւաքը:

«Արմէնփրեսի» հաղորդմամբ՝ շարժման մէջ ընդգրկուած կուսակցութիւնները կը  պահանջեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Շարժման վարչապետի  թեկնածու Վազգէն Մանուկեան  յայտարարեց, որ Փաշինեանը ինքնակամ չի հեռանար եւ առաջարկեց երկու տարբերակ: Առաջինով, ըստ Մանուկեանի, «պէտք է ջարդել» եւ իրենց կողմէ գրաւել վարչապետի հենարանները, որոնց շարքին ժողովուրդը, ուժային կառոյցներն ու իշխանական խմբակցութեան պատգամաւորներ:  Ան ըսաւ որ,  ժողովուրդին պէտք է բացատրել, թէ ինչ իրավիճակի մէջ է երկիրը, իսկ ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ու «Իմ Քայլի» պատգամաւորներուն նկատմամբ պէտք է կոշտ ըլլալ, միեւնոյն ժամանակ համոզել անոնց:

Նիկոլ Փաշինեանին հեռացնելու որպէս երկրորդ տարբերակ Մանուկեանը «կայծակնային ապստամբութիւն» առաջարկեց:

Հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարուեցաւ որ, փետրուար 22-ին տեղի պիտի ունենայ անհնազանդութեան երթ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment