Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերսկսաւ Պօղոս Պօղոսեանի Սպաննութեան Գործի Քննութիւնը

Վերսկսաւ Պօղոս Պօղոսեանի Սպաննութեան Գործի Քննութիւնը

by MassisPost

Այսօր՝ Փետրուար 19-ին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս վերսկսաւ Պօղոս Պօղոսեանի սպաննութեան գործի քննութիւնը։ 20 տարուայ վաղեմութեան գործը մակագրուած է դատաւոր՝ Կարէն Ֆարխոյեանին, նոր քննութիւնը նախաձեռնած է Գլխաւոր դատախազութիւնը։

Այս գործով, ինչպէս եւ 20 տարի առաջ, նոյն՝ անզգոյշ մահ պատճառելու յօդուածով մեղադրեալ է երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի թիկնազօրի անդամ, «Կուկու» մականուամբ յայտնի՝ Աղամալ Յարութիւնեանը։ Ան, ստորագրութիւն տուած է չհեռանալու մասին։

Յարութիւնեան այսօր հակուած չէր զրուցելու լրագրողներուն հետ, միայն կարճ արձագանգեց մեր այն հարցին, թէ «ընդունո՞ւմ է արդեօք մեղադրանքը». «Հլը ես ոչ մի բանից խապար չեմ, տեղեակ չեմ, մի հատ չիմանա՞ք ինչ ա»:

2001 թուականին, Երեւանի «Առագաստ» սրճարանի զուգարանին մէջ մահացած էր ծնունդով ջաւախքցի, Դաշնակցութեան անդամ՝ Պօղոս Պօղոսեան, սրճարան եկած երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանը ողջունելու ճակատագրական փորձէն յետոյ։ Դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան Յարութիւնեանը երկու տարուայ պայմանական ազատազրկման դատապարտած էր, բայց պատիժը պայմանականօրէն չէր կիրառուած։ Աղամալ Յարութիւնեան անազատութեան մէջ մէկ օր նոյնիսկ չէր անցուցած։

Անցեալ տարի Վերաքննիչ քրէական դատարանը, բաւարարելով Գլխաւոր դատախազութեան բողոքը, բեկանած էր դատարանի 2002 թուականի վճիռն ու ուղարկած նոր քննութեան։

Այսօրուայ դատական նիստը քանի մը րոպէ տեւեց։ Յարութիւնեանի փաստաբանը չբացառեց, որ դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանին ինքնաբացարկ յայտնէ, բայց ըսաւ, որ այդ այսօր չի կարող ընել, քանի որ գործը մակագրելու վերաբերեալ որոշ հարցեր ուղարկած է դատարանի աշխատակազմի ղեկավարին, իսկ պատասխանները դեռ չէ ստացած։ Փաստաբան Ռոպերթ Բեջանեան խնդրեց իրեն ժամանակ տալ՝ ստանալու այդ պատասխանները եւ ըստ այդմ ալ որոշելու ինքնաբացարկ յայտնել դատաւորին, թէ ոչ։ Փաստաբանը, սակայն, չմանրամասնեց, թէ ինչու մտադիր է ինքնաբացարկ յայտնել դատաւոր Ֆարխոյեանին։

Բեջանեան պնդեց, որ վերաքննիչ դատարանը ապօրինի վերաբացած է այս գործը առանց որեւէ հիմքի։ Միեւնոյն ժամանակ, խախտուած է նաեւ բողոք ներկայացնելու 4-ամսեայ ժամկէտը։ Խօսքը «Առագաստ» սրճարանը տեղի ունեցածի ականատես, Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացի՝ Սթիվըն Ճոն Նյութընի դիմումի մասին է։ Անոր դիմումի հիման վրայ Գլխաւոր դատախազութիւնը վերսկսած է քննութիւնը։ Բեջանեան պնդած է, որ դիմումը ստանալէն յետոյ դատախազութիւնը պէտք է 4-ամսեայ ժամկէտով դիմեր վերաքննիչ ատեան, բայց աւելի ուշ դիմած է ։ «Մեր դիրքորոշումները, մեր կողմից արտայայտած բոլոր հիմնաւորումներին ընդհանրապէս վերաքննիչ դատարանը չանդրադարձաւ», – նշեց փաստաբանը:

«Ազատութիւն»ի հարցին, թէ ի՞նչ հիմնաւորումներ բերած էին, Բեջանեան պատասխանեց. «Որ անհիմն է այդ բողոքը, հիմնաւորուած չէ, որեւէ հիմնաւորում չունի»:

Փաստաբանը նշեց նաեւ. «Անկախ նրանից՝ մենք համաձայն ենք 2002 թուականի վճռի հետ, անկախ նրանից դա լաւն էր, վատ էր, այնուամենայնիւ, այդ գործը բեկանման ենթակայ չէր, չէ անդրադարձել հիմնաւորումներին վերաքննիչ դատարանը: Իսկ թէ ինչու եւ ինչն էր պատճառը, դա արդէն դատական նիստերի ընթացքում արդէն մենք կը պարզաբանենք»:

Այս գործը Վերաքննիչ դատարան ուղարկած դատախազ՝ Հայկ Խաչատրեան ամիսներ առաջ «Ազատութիւն»ին ըսած էր, որ ականատես Նյութընի յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ Պօղոս Պօղոսեանը կեանքէն զրկած են ոչ թէ անզգուշութեամբ, այլ զինք դիտաւորեալ, սակաւապետական դրդումներով սպաննած են խումբ մը անձեր։

«Մենք հաստատուած համարել ենք, որ Աղամալ Յարութիւնը միայնակ չի կատարել այդ յանցագործութիւնը, այլ մի խումբ անձինք եւս մասնակցել են իր հետ՝ Պօղոս Պօղոսեանին ծեծի ենթարկելու», – նշած է Խաչատրեան:

Ըստ դատախազին, Նյութընի յայտարարութենէն յետոյ կատարուած փորձաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ Պօղոս Պօղոսեանի մահը վրայ հասած է ոչ թէ իյնալու, այլ ծեծի հետեւանքով։ Նոր վերաբացուած գործը յարուցուած է նոյն՝ անզգոյշ մահ պատճառելու յօդուածով, ինչպէս 20 տարի առաջ, սակայն Աղամալ Յարութիւնեանի շահերու պաշտպանը չի բացառեր, որ դատավարութեան ընթացքին իր պաշտպանեալին ներկայացուած մեղադրանքը փոխուի. «Այն ժամանակ եղել է հենց այդ յօդուածը, որով ինքը դատապարտուել է, ներկայ պահին այլ յօդուած չէր կարող լինել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment