Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Խոստովանութիւնը Եւ Թիկունքէն Հարուածը՝ Ընդդիմութեան

Սերժ Սարգսեանի Խոստովանութիւնը Եւ Թիկունքէն Հարուածը՝ Ընդդիմութեան

by MassisPost

2015-ին, այդ ժամանակուայ նախագահ Սերժ Սարգսեան հրապարակ դրաւ նոր սահմանադրութեան իր նախագիծը, որով կ՛առաջարկուէր անցում կատարել նախագահական կառավարումէն դէպի վարչապետական համակարգ: Այդ օրերուն քաղաքական շրջանակներու եւ ժողովուրդի մօտ տիրող կարծիքը այն էր թէ, այդ փոփոխութեամբ Սարգսեան կը փորձէ երկարաձգել իր իշխանութիւնը, նկատի առնելով որ նախկին սահմանադրութեամբ իրաւունք չունէր վերընտրուելու: Այդ օրերուն Սերժ Սարգսեան վստահեցուց բոլորին, թէ ինք նպատակ չունի շարունակել մնալ իշխանութեան վրայ: Բաւական լայնածաւալ կեղծիքներու օգտագործմամբ սահմանադրական հանրաքուէն յայտարարուեցաւ անցած:

2018-ի Ապրիլին, դրժելով իր նախկին խոստումը Սերժ Սարգսեան նստեցաւ վարչապետ աթոռին, արդարանալով թէ ընդունած է այդ պաշտօնը՝ երիտասարդ ղեկավարներու սերունդ պատրաստելու համար: Կարճ ժամանակ ետք ծայր առաւ համաժողովրդային շարժումը, որու ալիքը եկաւ տապալելու Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետականներու իշխանութիւնը:

Այժմ Սերժ Սարգսեան լրիւ այլ կերպով կը բացատրէ իշխանութեան վրայ մնալու իր ձգտումը: «Արմնիւզ» հեռատեսիլի ընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին ան յայտարարած է որ, վարչապետի պաշտօնին մնացած է, որպէսզի իրագործէ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման «լաւրովեան» տարբերակը, որու համաձայն Ատրպէյճանին կը վերադարձուէին 5 շրջանները, իսկ միւս երկուքի՝ Լաչինի ու Քելբաջարի վերադարձը, ըստ Սերժ Սարգսեանի, սերտօրէն կապուած պիտի ըլլար հանրաքուէի կատարման ժամկէտներուն հետ: «Ես ոչ միայն պատրաստ էի ստորագրել, այլ ես բացառապէս համաձայնել եմ մնալ ՀՀ վարչապետ, որ իրականացնեմ այդ տարբերակը: Եւ ես այն ոչ թէ պէտք է գաղտնի ստորագրէի, այլ բնականաբար, երբ հասնէինք նրան, ինչին ձգտում էինք, ապա այդ տարբերակը, ես չեմ ասում՝ հանրաքուէի կը դնէինք եւ այլն, բայց շատ մեծ եւ բուռն քննարկման առարկայ կը դարձնէինք հասարակութիւնում», – ըսած է երրորդ նախագահը:

Անկախ պաշտօնի վրայ մնալու պատճառներուն մասին ժամանակի հետ իր զարգացող միտքերուն, Սարգսեանի կ՛ընդունի, որ պատրաստ եղած է «ծախելու» Արցախը, սակայն չէ կարողացած, քանի որ 2018-ին տեղի ունեցած է իշխանափոխութիւն:

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան անդրադառնալով նախկին նախագահի հարցազրոյցին յայտնած է որ, 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Ալիեւին խոստացուած է վերադարձնել եօթը շրջանները եւ այդ պատճառաւ է որ, Ատրպէյճան համաձայնած է զինադադարին, այն պահուն երբ ռազմադաշտի վրայ ունէր առաւելութիւն եւ կարողացած էր գրաւել Լելէ Թեփեն եւ Թալիշ գիւղին յարող դիրքերը:

Սերժ Սարգսեանի այս խոստովանութիւններէն առաջ եւ ետք իրականութիւնը կը մնայ նոյնը: 1998 թուականին, երբ առաջին նախագահ Լեւոն ՏԷր Պետրոսեան խօսեցաւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու մասին, ան «պալատական յեղաշրջմամբ» հեռացուեցաւ պաշտօնէն, որմէ ետք քսան տարի Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան միասնաբար կառավարելով երկիրը ոչ մէկ քայլ առին Հայկական բանակը արդիական զէնքերով օժտելու եւ թշնամին հետ քայլ պահելու ուղղութեամբ: Նոյնիսկ Ապրիլեան պատերազմէն ետք, երբ բացայայտ դարձաւ Ատրպէյճանի ունեցած օդային առաւելութիւնը, իրավիճակը բարելաւելու եւ ռազմական առումով հաւասարակշռութիւն հաստատելու ծրագիրներու մշակումը եւ իրականացումը մնացին թերի:

Եօթը շրջաններու վերադարձնելու պատրաստակամութեան մասին իր այս յայտարարութեամբ Սերժ Սարգսեան եկաւ բացայայտելու այն իրականութիւնը, որ տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանին տրուած են խոստումներ, որոնք հետագային որպէս ժառանգ ձգուած են Փաշինեանին: Սարգսեան նաեւ թիկունքէն հարուածեց իր դաշնակիցներուն, որոնք կը շարունակեն պահանջել վարչապետի հրաժարականը՝ «դաւաճանութեան» ու «հողեր յանձնելու» մեղադրանքով: Չորս ամսուայ փողոցային ապարդիւն պայքարէն ետք, ընդդիմութեան կը մնայ մէկ ճանապարհ՝ իրենց համար ընտրել նոր օրակարգ եւ նոր կարգախօս, այլապէս պիտի շարունակեն մնալ լուսանցքի վրայ՝ մերժուած ժողովուրդին կողմէ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment