Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Վլատիմիր Փութինի Հետ

Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Վլատիմիր Փութինի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ, յայտնած է վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի համատեղ յայտարարութեան կէտերու իրագործման ընթացքը: Մասնաւորապէս, ընդգծուած է ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու շուտափոյթ վերադարձի կարեւորութիւնը: Հայկական կողմը, համաձայն հաղորդագրութեան, մտահոգութիւն յայտնած է, որ Ատրպէյճան լիարժէք չի կատարեր համատեղ յայտարարութեան տուեալ կէտի պահանջները:

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի հարցերը եւ դաշնակցային փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment