Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Մեկնարկած Է Տեղահանուած Բնակչութեան Համար Նախատեսուած Նոր Բնակավայրի Կառուցումը

Արցախի Մէջ Մեկնարկած Է Տեղահանուած Բնակչութեան Համար Նախատեսուած Նոր Բնակավայրի Կառուցումը

by MassisPost

Արցախի Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն եւ Պատարա գիւղերու միջեւ ինկած տարածքէն ներս մեկնարկած են նոր բնակավայրի կառուցման աշխատանքները: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին տեղեկացուց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Մարտա Դանիէլեան:

«Ասկերանի Ջրաղացներ, Մոշխմհատ, Մադաթաշէն եւ Սղնախ գիւղերից տեղահանուած մեր քաղաքացիների համար նախատեսուած նոր բնակավայրը կ’ունենայ աւելի քան 644 հազար քառակուսի մեթր ընդհանուր մակերես: Նախատեսուող 116 առանձնատներից՝ առաջինները պատրաստ կը լինեն առաջիկայ մի քանի ամսուայ ընթացքում. բնակավայրի շինարարութիւնն ամբողջութեամբ աւարտին կը հասցուի մինչեւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր: Առանձնատները, որոնց նախագծի համար  օրինակ է ծառայել Քաշաթաղի Աղաւնոն, կը լինեն 2-4 սենեականոց: Իւրաքանչիւր առանձնատանը կը յատկացուի 1500 քառակուսի մեթր տնամերձ հողատարածք: Գլխաւոր ճանապարհի հարեւանութեամբ կը կառուցուի նաեւ շուկայ»,- մանրամասնեց  Դանիէլեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment