Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարգսեան Յայտարարած Է՝ Վարչապետի Պաշտօնին Մնացած Է, Որ Իրագործէ ԼՂ Կարգաւորման «Լաւրովեան» Տարբերակը. Արձագանգներ

Սարգսեան Յայտարարած Է՝ Վարչապետի Պաշտօնին Մնացած Է, Որ Իրագործէ ԼՂ Կարգաւորման «Լաւրովեան» Տարբերակը. Արձագանգներ

by MassisPost

2018-ին ժողովրդական ճնշմամբ հրաժարական տուած Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ 10 տարուայ նախագահութենէն յետոյ վարչապետի պաշտօնին մնացած է, որ իրագործէ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման «լաւրովեան» տարբերակը, ինչ որ, անոր գնահատմամբ, մերժած են այս իշխանութիւնները։

«Արմնիւզ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին Սարգսեան մանրամասնած է, թէ Լաւրովեան փաստաթուղթը «Մատրիտեան սկզբունքներու» բարեփոխուած տարբերակն էր, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը առաջարկած էր համանախագահներու անունով՝ Ատրպէյճանը կը ճանչնար, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պէտք էր որոշել Ղարաբաղի բնակչութիւնը՝ առանց հանրաքուէի յստակ ժամկէտի եւ Ատրպէյճանին կը վերադարձուէին 5 շրջանները։ Միւս երկուքի՝ Լաչինի ու Քելբաջարի վերադարձը, ըստ Սերժ Սարգսեանին, սերտօրէն կապուած պիտի ըլլար հանրաքուէի կատարման ժամկէտներուն հետ։

«Ես ոչ միայն պատրաստ էի ստորագրել, այլ ես բացառապէս համաձայնել եմ մնալ ՀՀ վարչապետ, որ իրականացնեմ այդ տարբերակը։ Եւ ես այն ոչ թէ պէտք է գաղտնի ստորագրէի, այլ բնականաբար, երբ հասնէինք նրան, ինչին ձգտում էինք, ապա այդ տարբերակը, ես չեմ ասում՝ հանրաքուէի կը դնէինք եւ այլն, բայց շատ մեծ եւ բուռն քննարկման առարկայ կը դարձնէինք հասարակութիւնում։ Ես վստահ չէի, որ հասարակութեան մեծ մասը դրան կարող էր սատարել», – նշած է Հայաստանի երրորդ նախագահը:

«Սերժ Սարգսեանը ուզում էր մնալ իշխանութեան, ոչ թէ լուծել Ղարաբաղի հարցը», – երրորդ նախագահին հակադարձած է Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, իշխանական «Իմ քայլ»էն Ռուբէն Ռուբինեան: «Եթե ուզում էր այդ թուղթը ստորագրեր, ինչո՞ւ չէր ստորագրում 2018-ի Մարտին, Փետրուարին, Յունուարին, 17-ի Դեկտեմբերին, Նոյեմբերին, Սեպտեմբերին, Օգոստոսին եւ այդպէս շարունակ», – նշած է Ռուբինեան:

Իր հարցազրոյցի ընթացքին, Սարգսեան հերքած է Փաշինեանի «վատ ժառանգութիւն ստանալու» մասին յայտարարութիւնները, թէ բանակցային գործընթացքը ժառանգած է մէկ կէտի մէջ, երբ առաջնահերթութիւն եղած է տարածքներու յանձնումը՝ առանց Ղարաբաղի կարգավիճակի ճշգրտման: «Ինձ կարող են չհաւատալ, արդեօք որեւէ հիմք կայ չհաւատալու Փոփովին»,- Մինսքի խումբի ռուսաստանցի համանախագահի յայտարարութիւններուն յղում ընելով՝ Սարգսեան յայտարարած է, եւ ան պայթեցուցած է այդ փուչիկը։

«Բանակցութիւնները այս մարդկանց համար տալու կամ չտալու խնդիր էր, ինչը անհեթեթութիւն է: Մեր կարմիր գիծն այն էր, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չլինէր Ատրպէյճանի կազմում, երբեք, եւ մենք այդ գիծը պաշտպանել ենք մինչեւ 18 թուականի Ապրիլի 23-ը», – նշած է Սարգսեան:

Իշխող «Իմ քայլ»էն Ռուբէն Ռուբինեան ըսած է, որ Սարգսեան իր հարցազրոյցով հաստատած է Փաշինեանի յայտարարութիւնները. 2018-ին, ըստ անոր կարծիքով, ան պատրաստ եղած է ստորագրել փաստաթուղթ, որով պէտք է յանձնուէին 5+2 շրջանները, իսկ Արցախի կարգավիճակի ճշգրտումը թողնուէր անորոշ ապագային։ «Ըստ էութեան՝ տարածքներ խաղաղութեան դիմաց»,- եզրակացուցած է Ռուբինեան։

«Սերժ Սարգսեանը հաստատում էր, որ ինքը պատրաստ էր ստորագրել մի փաստաթուղթ, ըստ որի տարածքները յանձնուելու են առանց երաշխաւորման կարգավիճակի: Երկրորդը՝ փաստացի Սերժ Սարգսեանը հաստատում էր, որ դա փուլային տարբերակ էր: Նոյնիսկ հակասութիւն կայ իր հարցազրոյցի մէջ, որովհետեւ մէկ կէտում փորձում է բացատրել, որ նա երբեւէ փուլային տարբերակի չի համաձայնուել», – ըսած է Ռուբինեան:

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանն իր դիմատետրով հարց հնչեցուցած է՝ եթէ հնարաւոր բոլոր լուծումներով կ’ենթադրուէր 5+2 շրջաններու փոխանցում Ատրպէյճանին, ինչո՞ւ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսուէին այն ժամանակ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու վրայ։

«Այսինքն, մենք այնքան հարուստ էինք, որ նրանց համար քաղաքներ ու գիւղեր էինք կառուցում։ Արդեօ՞ք իմաստ կար պետութեան երաշխիքով դրամատներից ահռելի վարկեր վերցնել, եթէ դրանք միեւնոյն է՝ պէտք է փոխանցուէին Ատրպէյճանին», – նշած է Մարուքեան։

Սարգսեան գործող իշխանութիւնները մեղադրեց իրենց ձեռքբերումներէն հրաժարելու եւ բանակցային պատմութեան մասին Ալիեւէն տեղեկանալու մէջ, 2018-ին տեղի ունեցածը «հակաղարաբաղեան շարժում» որակեց եւ պնդեց, թէ ինք երբեք «ոչմիթիզական» ինքնահաւան չէ եղած՝ 1,5 ժամ տեւած հարցազրոյցի ողջ ընթացքին այդպէս ալ չտալով Նիկոլ Փաշինեանի անունը։

Ռուբէն Ռուբինեան ըսած է, որ փուլային լուծման դէմ Քոչարեանն ու Սարգսեանը 98-էն ի վեր հանրութեան քարոզած են, որ հող յանձնելը դաւաճանութիւն է, բայց 20 տարի բանակցած են տարածքները վերադարձնելու հարցը։

«Սերժ Սարգսեանն իր ամբողջ քաղաքական ասպարէզի ընթացքում եւ իր խումբը շահագործած են Արցախի հարցը եւ դրա շուրջ եղած յոյզերը: Սրա ապացոյցն այն է, որ նրանք 20 տարի քարոզել են մի բան, բանակցել են մի բանի շուրջ եւ փաստօրէն պատրաստ են եղել անել մէկ այլ բան», – նշած է Ռուբինեան:

«Ազատութիւն»ի դիտարկման, թէ «ներկայիս իշխանութիւններն էլ, չէ՞, փոխզիջումների մասին խօսում էր, բայց բացէիբաց ժողովրդին չէր ասուում, որ պէտք է հողերը յանձնուեն», Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը պատասխանած է. «Ի հարկէ, չէր ասուում, մեր բոլոր դիրքորոշումները անկեղծ մենք յայտնել ենք, մենք չենք արել մի բան եւ եկել խօսել մէկ այլ բանի մասին, սա է տարբերութիւնը»:

Սերժ Սարգսեան մօտ երեք տարի անց որոշեց յայտարարել, թէ ինքը Կարէն Կարապետեանին իշխանութիւնը յանձնած է եւ հերքեց, թէ գործող վարչապետը իր նախագիծն է, բայց այդպէս ալ չպատասխանեց այն հարցին, թէ ինչ նկատի ունէր, երբ հրաժարականով գրած էր «Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր, ես սխալուեցի»։ Որպէս իր խօսքերուն ապացոյց Կարէն Կարապետեանի հետ զրոյցէն մանրամասնութիւններ պատմեց,  թէ անոր ըսած է՝ «հանգուցալուծումը կարող է լինել իր հեռանալով, պատրա՞ստ է այդ իրավիճակում ամբողջ պատասխանատուութիւնը վերցնել իր վրայ»։ Ան ալ, ըստ Սերժ Սարգսեանին, անմիջապէս դրական պատասխան տուած է։

«Կարապետեանը նրանց հետ չէր խօսել իշխանութեան փոխանցման մասին, Կարապետեանը նրանց ասել էր, որ ես հրաժարական եմ տալիս», – նշած է Հայաստանի երրորդ նախագահը:

Ռուբէն Ռուբինեան չէ բացառած, որ Սարգսեան կը փորձէ արդարանալ. «Թերեւս իրենք ինչ-որ ներխմբային ճշգրտումների կարիք ունեն իրա մէջ, դրա համար է Սերժ Սարգսեանը խօսել դրա մասին»:

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար՝ Մարուքեան նկատել տուած է, որ 2018-ին, վարչապետի ոչ առաջին, ոչ ալ երկրորդ ընտրութեան ժամանակ խորհրդարանէն ներս ամենաշատ ձայներ ունեցող Հանրապետականը վարչապետի պաշտօնին առաջադրեց Կարէն Կարապետեանի թեկնածութիւնը, իսկ Մայիս 8-ին Նիկոլ Փաշինեանը, ներառեալ՝ խումբ մը հանրապետականներու քուէարկութեամբ վարչապետ ընտրուեցաւ. «ըստ այդմ՝ Հայաստանում իշխանութիւնը փոխանցուեց Նիկոլ Փաշինեանին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment