Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱԽ-ի Եւ «Կայծի» Կազմակերպած Արիւնարշաւը

ՀԱԽ-ի Եւ «Կայծի» Կազմակերպած Արիւնարշաւը

by MassisPost

Ամերիկայի Կարմիր Խաչին հետ գործակցաբար, Կիրակի, Փետրուար 14, 2021-ին, Վէլըյնթայնի Օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ Արիւնարշաւ՝ կազմակերպութեամբ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի եւ Կայծ Երիտ. Միութեան, ՀԿԲՄ-ի Փասատինայի կեդրոնէն ներս:

Ինչպէս բոլորս գիտենք, արիւնարշաւները այսօր հարիւրաւոր կեանքեր կը փրկեն եւ կենսական ու նուիրական արարքներ են՝ արիւն նուիրողներու կողմէ:

«Ներկայիս Լոս Անճէլոս քաղաքէն ներս արեան մեծ պակաս կայ՝ հիւանդանոցներէն եւ բժշկական կեդրոններէն ներս: Մեր պարտականութիւնն է օգնել բոլոր մեր միջոցներով, մանաւանդ Գորոնա համաճարակի ստեղծած ծանր պայմաններու լոյսին տակ: Այս կարեւոր միջոցառումը առիթ մը հանդիսացաւ միասնաբար ցոյց տալու մեր սէրն ու հոգատարութիւնը մեր համայնքին եւ մարդկութեան», ըսաւ ՀԱԽ-ի վարչութեան անդամ՝ Հէրի Ունէլ, շնորհակալութիւն յայտնելով արիւն նուիրողներուն:

blood drive-1

«Վալընթայնի օրը Սիրոյ տօն ըլլալով, ամէնայարմար առիթն էր ցոյց տալու մէր սէրը՝ մեր համայնքին եւ շրջապատին հանդէպ: Գորոնա համաճարակի պատճառով մենք կը դիմագրաւենք ծանր պայմաններ եւ արիւնարշաւներու մեծ պանաջք կայ այժմ: Մեր պատասխանատուութիւնն էր կազմակերպել այս տեսակի միջոցառում մը՝ ի սէր մեր համայնքին եւ մարդկութեան», իր կարգին ըսաւ «Կայծի» փոխ Ատենապետուհի՝ Ալիսըն Ղաֆարի:
Իսկապէս հիանալի պատգամ մը եւ Սիրոյ Օրուայ առթիւ կայացած հիանալի միջոցառում մը կը նկատենք ՀԱԽ-ի,

«Կայծի» եւ Կարմիր Խաչի կազմակերպած սոյն արիւնարշաւը, այս դժուար օրերուն:
Շնորհակալ ենք որ կեանքեր կը փրկէք:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment