Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նոյեմբեր 9-Ի Յայտարարութիւնը Որեւէ Միջանցքի Ստեղծման Դրոյթ Չի Պարունակեր. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակի Արձագանգը Ալիեւի Յայտարարութեան

Նոյեմբեր 9-Ի Յայտարարութիւնը Որեւէ Միջանցքի Ստեղծման Դրոյթ Չի Պարունակեր. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակի Արձագանգը Ալիեւի Յայտարարութեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու` 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտը որեւէ միջանցքի ստեղծման մասին դրոյթներ չի պարունակեր: Հայաստանի տարածքով անցնող իւրաքանչիւր ճանապարհ կամ հաղորդակցութեան ուղի կայ եւ պիտի ըլլայ բացառապէս Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ։

Այս մասին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան հարցին, թէ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ «Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած համատեղ յայտարարութեան մէջ առկայ է յատուկ դրոյթ Նախիջեւանի միջանցքի ստեղծման մասին, եւ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ այդ:

«Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտում նշուած է «տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրային կապերի ապաշրջափակման» մասին, եւ հենց այս մօտեցմամբ է Հայաստանը հանդէս գալիս տարածաշրջանում կայունութիւն հաստատելու եւ համագործակցութեան հեռանկարների հարցերում: Վերոնշեալ կէտը չի պարունակում որեւէ միջանցքի ստեղծման դրոյթներ: Հայաստանի տարածքով անցնող իւրաքանչիւր ճանապարհ կամ հաղորդակցութեան ուղի կայ եւ լինելու է բացառապէս Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ», պատասխանած է Նաղտալեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment