Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձած Է Երեւան

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձած Է Երեւան

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան անցեալ շաբթուայ վերջին վերադարձած է Երեւան, տեղեկացուցած է նախագահի գրասենեակը։

Ըստ հաղորդագրութեան, բժիշկներու յորդորով նախագահը բուժումը կը շարունակէ նաեւ Երեւան:

Յունուար 3-ին Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ ենթարկուած էր ոտքի վիրահատութեան։ Օրեր անց նախագահի գրասենեակը հաղորդած էր, որ Արմէն Սարգսեան վարակուած է «Քորոնա» ժահրով։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment