Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը կը Սպասէ Իշխանութեան Բացատրութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ «Յուշագրի» Վերաբերեալ

Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը կը Սպասէ Իշխանութեան Բացատրութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ «Յուշագրի» Վերաբերեալ

by MassisPost

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւնները իշխանութենէն կը պահանջեն բացատրութիւն տալ համացանցով շրջանառուող փաստաթղթի մը վերաբերեալ, որ կը ներկայացուի, որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւանական ու չհրապարակուած յուշագիր։

Այսօր՝ Փետրուար 12-ին Ազգային ժողովէն ներս ճեպազրոյցի ժամանակ «Լուսաւոր Հայաստան»-էն Տարօն Սիմոնեան յայտարարեց, որ իշխանութիւնը պէտք է պարզաբանէ նման յուշագիր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունի, թէ ոչ:

Ենթադրեալ յուշագիրը կազմուած է Դեկտեմբերին եւ կը վերաբերի Արցախի եւ Սիւնիք տարածքներուն։ Հրապարակուած փաստաթղթին վրայ միայն գրութիւն է եւ չկայ ստորագրութիւն։

«Եթէ անգամ դա ստորագրուած լինի գործադիր իշխանութեան ղեկավարի կողմից, կամ գործադիր իշխանութեան որեւէ ներկայացուցչի կողմից, սա ոչ միայն հակապետական, հակազգային փաստաթուղթ է, այլ նաեւ իրաւունքի կոպիտ խախտում ունեցող փաստաթուղթ է եւ իրաւաբանական ուժ չունեցող փաստաթուղթ է։ Որովհետեւ էլի կարգաւորուում են այնտեղ յարաբերութիւններ, որոնք միջազգային պայմանագրային կարգաւորման առարկայ են, իսկ մեր Սահմանադրութեան համաձայն եւ «Միջազգային պայմանագրերի մասին» ՀՀ օրէնքի համաձայն, նմանատիպ փաստաթղթերը ուժ ստանալու համար պէտք է անպայմանօրէն Սահմանադրական դատարան, յետոյ Ազգային ժողով մտնեն եւ վաւերացուելուց յետոյ միայն ունենան կիրառական նշանակութիւն», – նշեց Սիմոնեան։

Փաստաթուղթի մասին առաջիններէն խօսեցան ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան եւ նախկին վարչապետ՝ Հրանտ Բագրատեան յայտարարելով, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած է յուշագիր, որով կը կարգաւորուի երթեւեկութիւնը Գորիս-Կապան ճանապարհով։

Փետրուար 10-ին Հայաստանի փոխվարչապետ՝ Տիգրան Աւինեան խորհրդարանէն ներս յայտարարած էր, որ բացի Նոյեմբեր 9-ի ու Յունուար 11-ի յայտարարութիւններէն, եւս մէկ պայմանաւորուածութիւն կայ Գորիս – Դաւիթ Բեկ ճանապարհահատուածի մասին, քանի որ այդ ճանապարհը կ’անցնի «վիճելի տարածքներով»։

Ենթադրեալ յուշագրի գոյութեան փաստը այսօր ԱԺ-ին մէջ հերքեց իշխանական պատմգաւոր Սիսակ Գաբրիէլեան․ – «Էկէք հենց հիմա գնանք իմ աշխատասենեակ, երեք հարիւր հատ էդպիսի փաստաթուղթ կազմենք ցանկացած բովանդակութեամբ․․․ A4 չորս չափով թուղթի վրայ համակարգչով հաւաքած թեքսթ ա, որի մէջ ինչ ասես գրում են»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment