Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկ Մարութեան Դատապարտած է Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոսթի Յուշարձանի Պղծումը

Հայկ Մարութեան Դատապարտած է Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոսթի Յուշարձանի Պղծումը

by MassisPost

Որեւէ յուշարձանի նկատմամբ ոտնձգութիւնը միանգամայն անընդունելի եւ դատապարտելի արարք է, զոր պէտք է բացառել քաղաքէն, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան՝ նշելով, որ այսօր առաւօտեան տեղեկացած է, որ «անյայտ չարագործները պղծել են Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգում գտնուող՝ հայ եւ հրեայ ժողովուրդների եղեռնի զոհերի յուշարձանը»:

«Երեւանում տարբեր ազգութիւնների ներկայացուցիչներ հարիւրամեակներ շարունակ ապրել են կողք կողքի՝ իրենց ազգային պատկանելութեան հետ միասին հպարտութեամբ կրելով նաեւ երեւանցի լինելու պատուաբեր կոչումը, եւ որեւէ դրդապատճառ չի կարող խաթարել այդ համերաշխութիւնը», – գրած է Մարութեան, յոյս յայտնելով, որ իրաւապահները արագ եւ համարժէք արձագանգ կու տան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment