Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուան Կը Կարծէ, Որ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբը Պէտք Է Շարունակէ Գործունէութիւնը

Մոսկուան Կը Կարծէ, Որ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբը Պէտք Է Շարունակէ Գործունէութիւնը

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան կը համարէ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը պէտք է շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Եւ ընդհանրապէս՝ Մինսքի խումբի մշակած հիմնական սկզբունքները հիմք դարձած են Նոյեմբերի լոյս 10-ի գիշերը ստորագրուած հրադադարին համար, այսօր՝ Փետրուար 10-ին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքոն՝ աւելցնելով, թէ ղարաբաղեան խնդրի համապարփակ կարգաւորումը առաջուայ պէս պահանջուած է:

Դիւանագէտի օրուան առիթով, Ռուտենքոն հարցազրոյց տուած է եւ՛ ТАСС-ին, եւ՛ Russia Today-ին, ընդ որում հարցերը պակաս հետաքրքիր չեն եղած: Այսպէս, ТАСС-ը հարցուցած է Ռուտենքոյին, թէ Ռուսաստանը վերջ տուաւ Ղարաբաղեան պատերազմին առանց Մինսքի խումբի, ի՞նչ հեռանկարներ ունի Մինսքի խումբը: Նախարարը ընդգծած է, թէ Մինսքի խումբը կարեւոր ներդրում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու մշակման գործով, որոնցմէ շատերը իրենց արտացոլումը գտած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ: Այդ, ըստ Ռուտենքոյի, կը վերաբերի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող շրջաններու վերադարձին Ատրպէյճանին, փախստականներու վերադարձին, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ կապող միջանցքի պահպանման, անվտանգութեան ապահովման, խաղաղապահ գործողութեան, տարածաշրջանում տնտեսական եւ փոխադրային բոլոր կապերու ապաշրջափակման։ Պաշտօնական Մոսկուան, ի տարբերութիւն պաշտօնական Պաքուի եւ Անգարայի, չի համարեր, որ ղարաբաղեան խնդիրը վերջնականապէս կարգաւորուած է։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը մասնաւորապէս ըսած է. – «Առաջուայ պէս պահանջուած է համապարփակ քաղաքական կարգաւորման հասնելու խնդիրը, որ ԵԱՀԿ Պուտափեշտի գագաթնաժողովի (1994) որոշումներուն համապատասխան դրուած է Մինսքի խումբի համանախագահներուն վրայ։ «Եռեակ»ը ունի հզօր միջազգային աջակցութիւն եւ կարող է օգտակար ըլլալ հետագայ քայլերու, անոնց կարգին՝ կարգավիճակային հարցերու վերաբերեալ փոխընդունելի մօտեցումներու մշակման գործին։ Բայց զգոյշ, առանց շտապելու, երբ ժամանակը գայ»:

Ռուտենքոն ընդգծած է, թէ այսօր ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը եւ անոր համանախագահները կարող են աշխուժութիւն ցուցաբերել հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման հարցերուն։ Փոխնախարարի խօսքով՝ քաղաքացիական հասարակութեան շրջանակներէն ներս երկխօսութեան զարգացումը կը նպաստէ տարածաշրջանի իրավիճակի ընդհանուր առողջացման եւ քաղաքական ուղիի հետագայ քայլերու նախադրեալներու ստեղծման:

Մոսկուան այս թէզը, թէ կարգավիճակի համար դեռ ժամանակը չէ եկած, առաջ կը տանի պատերազմի աւարտէն յետոյ:

Նոյն այս տրամաբանութեամբ՝ Ռուտենքոն “Իզվեսթիա”-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման անդրադառնալով ընդգծած է, թէ կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի լուծման մօտեցումներու մշակման համար:

ТАСС գործակալութիւնը Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարէն փորձած է պարզել, թէ ճի՞շդ է արդեօք այն տեղեկութիւնը, թէ Անգարան մտադիր է Ատրպէյճանի մէջ օդուժի կայան կառուցել: Ռուտենքոն, սակայն, այս հարցը անտեսած է եւ Ղարաբաղի մէջ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան մասին խօսելու ատեն սահմանափակուած է միայն անով, որ տարածաշրջանէն ներս Մոսկուայի եւ Անգարայի փոխգործակցութիւնը կը կառուցուի Յունուարի 30-էն Աղդամի շրջանը գործող Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ կրակի դադրեցման վերահսկողութեան ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի ծիրէն ներս: Պաշտօնական Մոսկուան կը համարէ, որ նման կեդրոնի բացումը տարածաշրջանի իրավիճակի կարգաւորման ուղղուած համատեղ ջանքերու լաւ օրինակ է։

Russia Today-ին տուած հարցազրոյցին, Ռուտենքոն նշած է Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման եւ նոր փոխադրային ուղիներու կառուցման կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, թէ այդ կը բխի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու, անոնց կարգին նաեւ Վրաստանի շահերէն։

Իսկ ընդհանրապէս յետխորհրդային տարածքի մասին խօսելու ատեն Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ընդգծած է, թէ Մոսկուան թոյլ չի տար, որ Արեւմուտքը եւ առաջին հերթին Միացեալ Նահանգները թելադրեն ԱՊՀ երկիրներուն ինչպէս ապրիլ: Անտրէյ Ռուտենքոն շեշտած է, որ Մոսկուան չունի Խորհրդային Միութիւնը վերականգնելու ծրագիրներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment