Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազը Վահան Բադասեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Որոշում Կայացուցած Է

Դատախազը Վահան Բադասեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Որոշում Կայացուցած Է

by MassisPost

Դատախազ Գէորգ Սարգսեան Արցախի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ՝ Վահան Բադասեանի խափանման միջոցը փոփոխելու որոշում կայացուցած է: Այս մասին դիմատետրի իր էջով յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան:

«Ելնելով նախաքննութեան ընթացքում իրականացուած քննչական, դատավարական գործողութիւնների եւ 10.02.2021 թուականի ստացուած՝ օփերաթիւ-հետախուզական միջոցառումներ իրականացնելու վերաբերեալ յանձնարարութիւնների կատարման արդիւնքներից, հաշուի առնելով իր գործողութիւնների հակաիրաւական բնոյթ ունենալու հանգամանքը գիտակցելու, դրանք պահի ազդեցութեան տակ կատարած լինելու, ազատութեան մէջ մնալու դէպքում պատշաճ վարքագիծ դրսեւորելու պարտաւորուածութեան վերաբերեալ Վ. Բադասեանի կողմից ցուցմունքով տրուած հաւաստիացումները, ինչպէս նաեւ նրա ընտանեկան դրութիւնը, պատերազմական գործողութիւններին մասնակցութիւնը եւ առողջական վիճակը՝ քրէական գործի նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազ Գէորգ Սարգսեանի կողմից կայացուել է Վահան Բադասեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը անազատութեան հետ չկապուած այլ խափանման միջոցով՝ չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ փոխարինելու մասին որոշում»,- գրած է Աբրահամեան:

Յիշեցնենք, որ Բադասեան մեղադրուած էր իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր հնչեցնելու յատկանիշներով։ Իսկ  ԱԱԾ-ն   Վահան Բադասեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էր դատարան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment